ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննած են Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու Կիպրոսի բանակցութիւնները:
Վեց ամիսներու ընթացքին իրենց առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ, անոնք ռազմավարական հարցերու շուրջ տեսակէտներ փոխանակած են: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու՝ երկու կողմերը որոշած են այս հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ունենալ Կիպրոսի վերամիացման բանակցութեանց նոր փուլի ձեռնարկման լոյսին տակ: Երկու ղեկավարները Թուրքիոյ մէջ զեղծարարութեանց գայթակղութեան, համացանցին, Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդին վերաբերեալ Թուրքիոյ օրէնսդրական փոփոխութեանց հարցերը չեն քննարկած:
Սպիտակ տունը այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նշած է. «Նախագահ Օպամա Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հեռաձայնով խօսեցաւ երկկողմանի եւ շրջանային շարք մը հարցերու շուրջ: Նախագահը հաստատեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ ուժեղ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութեանց տուած իր արժէքը եւ արտայայտեց իր տեսակէտը, որ Թուրքիա աշխարհի մէջ դրական յանձնառութեան ճամբով կրնայ ղեկավար դերակատարութիւն ունենալ»:
Օպամա եւ Էրտողան համամիտ գտնուած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական ներկայութեան աճին լուծում գտնելու նպատակով Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ սերտ գործակցութեան կարեւորութեան շուրջ, եւ ընդգծած են Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերուն շարունակութեան նկատմամբ հասարակաց հետաքրքրութիւնը:
Անոնց օրակարգին վրայ եղած է նաեւ ուժանիւթի հարցերուն շուրջ Իրաքի եւ անոր քրտական շրջաններուն միջեւ հասարակ յայտարար գտնելու կարելիութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.