ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան առաջին քանի մը օրերուն, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ Պիր Հասանի պայթումէն ետք, շաբաթավերջին ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելի շրջանը, երբ աւելի քան 125 քլկ. պայթուցիկ նիւթ կրող ինքնաշարժ մը պայթեցաւ բանակային դիրքի մը մօտ:
Արդարեւ, ինքնաշարժի վարորդը Շաբաթ, Փետրուար 22ի երեկոյեան փորձած է առանց կանգ առնելու անցնիլ լիբանանեան բանակի մէկ անցարգելէն, ու զգալով, որ քօղազերծուած ու կասկածի տակ է դիրքի բանակային տարրերուն կողմէ՝ դիմած է անձնասպանութեան՝ բռնկեցնելով իր վարած ինքնաշարժն ու դիրքին մօտ գտնուողները: Ահաբեկչական այս գործողութիւնը, որուն զոհ գացեր են բանակային սպայ Էլիաս Խուրի, ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորական Համզէ Ֆէյթրունի եւ քաղաքային մը՝ 15 վիրաւորներու կողքին, նախապէս իմացուած էր բանակային պատկան կողմերէն, ու այդ իսկ պատճառով, ականահարուած նշեալ դիրքը հաստատուած էր վերջին քանի մը օրերուն, ինչի շնորհիւ՝ զոհերուն թիւը նուազագոյնի իջած է:
Ապահովական պատկան կողմեր տեղեակ էին, թէ ականուած 4 ինքնաշարժներ Լիբանան մուտք գործած են վերջերս, առ այդ՝ ապահովական միջոցառումները խստացուած են:
Աւելի ուշ, «Նուսրա» ճակատի Լիբանանի ճիւղը ստանձնեց Հերմելի ահաբեկչական այս արարքին պատասխանատուութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.