ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Կիրակի, Փետրուար 16ին ըսած է. «Եթէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իշխանութեան հասնի եւ եթէ Էրտողան տակաւին այս երկիրէն խոյս տուած չէ, ես անոր տան դրան առջեւ գրել պիտի տամ՝ «Երանի՜ անոր, որ թուրք եմ կ՛ըսէ»»:
Պահչելի աւելցուցած է, որ Մարտ 30ին նախատեսուած քաղաքապետական ընտրութիւնները իր կուսակցութեան համար շատ կարեւոր պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք միայն տեղական մարմիններու ընտրութիւններ չեն, այլ պիտի որոշեն երկրի ապագան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.