«Թերեւս Կարդալ Չի՛ Գիտեր»
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անվստահութիւնը փորձառութենէն կը ծնի: Երբեմն ինչքան դժուար կ՛ըլլայ վերականգնել վստահութիւնը ոմանց մօտ, որոնք իրենց փորձառութեամբ տեսած կ՛ըլլան դաւաճանութիւն, ապերախտութիւն, խաբեբայութիւն եւ նման երեւոյթներ: Աւելին, անոնք տեսած կ՛ըլլան թէ այդ ժխտական վերաբերումը իրենց անձին նկատմամբ գործադրուած է՝ շա՛տ մտերիմ կամ հարազա՛տ անձի կողմէ: Ուրեմն սա առաւե՛լ պատճառ կը հանդիսանայ, որ անոնք անվստահութիւն ունենան որոշ անձերու նկատմամբ: Անշուշտ հիւանդագին երեւոյթը այն պիտի ըլլար, որ անոնք այդ անվստահութիւնը տարածէին բոլորին վրայ ու կասկածով նայէին պատահական մարդու: Այս պարագային արդէն անվստահութեան սահմանէն դուրս գալով երեւոյթը կը վերածուի կասկածամտութեան, որ արդէն յատուկ պարագայ իբրեւ մատնանշուած է հոգեբանութեան մէջ:
Ուրիշներու նկատմամբ անվստահութիւն ցուցաբերող անձը բնաւ չ՛ուզեր որ իր կեանքին ընթացքին պատահած դժբախտ դէպքը անգամ մը եւս կրկնուի: Անոնք շատ զգոյշ կ՛ըլլան մանաւանդ կեղծաւորաբար իրենց մօտեցող մարդոցմէ, որովհետեւ ոչխարի մորթով գայլերու կլափը իյնալէ կը վախնան: Արդէն նախապէս իրենց փորձառութիւնը արդիւնք կրնայ եղած ըլլալ այդպիսի խաբեբայութեան մը: Ուստի, վախնալով նման կացութենէն, լաւապէս քննութենէ կ՛անցընեն իրենց մօտեցող անձը, մինչեւ իսկ մորթը քննելով ու նայելով, որ արդեօք իսկապէ՞ս ոչխարի բուրդ է անոր մարմինը պատող ծածկոյթը, թէ տակը պահուած կայ գայլի կոշտ ու կոպիտ կաշիէ վերարկուն:
Կողմերու միջեւ հաշտութիւն գոյացնելը իսկապէս դժուար աշխատանք է, որովհետեւ վնաս կրող կողմը բնաւ պիտի չ՛ուզէ հաշտուիլ, միշտ յիշելով իր «պոչին ցաւը», ինչպէս այլ առակի մէջ կը պատկերացուի:
Կ՛ըսուի, թէ անցեալին փորձառու գիւղապետներէն մէկը յաջողեր է հաշտութիւն գոյացնել շրջապատի գայլերուն հետ եւ այն համաձայնութեան եկեր, որ այլեւս իրենց գիւղի ոչխարներուն պիտի չմօտենան անոնք: Այս համաձայնութիւնը շօշափելի ու թանձրական ձեւի մէջ դնելու համար, մասնաւոր պաշտօնական համաձայնագիր կը ստորագրուի գայլերու վոհմակի գլխաւորին ու մեր փորձառու գիւղապետին միջեւ: Միւս կողմէ, որպէսզի բոլորն ալ իմանան այս պաշտօնական դաշնադրութեան մասին, ստորագրուած թուղթը բազմացնելով՝ կը փակցնեն գիւղի բոլոր պատերուն վրայ:
Ուրախութեան ու ընդհանուր ցնծութեան մթնոլորտին մէջ գիւղապետը կը նշմարէ, որ յատկապէս հովիւները շատ աւելի հանգստացած վիճակ ունին: Բոլորն ալ իրենց գործը թեթեւցած զգալով, լայն մակաղատեղիներու վրայ ազատ թողելով իրենց ոչխարները, ուրիշ զբաղումներով ժամանց կ՛ընէին:
Գիւղապետը այս տեսնելով իր մօտ կը հրաւիրէ հովիւներն ու տիրող կացութեան ուրախալի ըլլալը եւ կնքուած պայմանագիրին շատ դրական իմաստն ու խորքը բացատրելէ ետք, կու տայ իր խրատը:
_ Դուք ձեր գաւազանը ձեռքէ վար մի՛ դնէք:
Հովիւները զարմացած ու միաժամանակ վրդովուած կը հարցնեն, թէ հապա ինչո՞ւ էր այդ համաձայնութիւնը գայլերուն հետ:
Փորձառու գիւղապետը կը պատասխանէ անոնց՝ ըսելով.
_ Կրնայ ըլլալ որ գտնուի նաեւ անգրագէտ գայլ եւ չկարենայ կարդալ պատերուն փակցուած համաձայնագիրը…
Իրաւունք ունէր գիւղապետը, որովհետեւ գայլերուն վստահիլ չըլլար, ինչքան ալ համաձայնութիւն գոյացած ըլլայ անոնց եւ մարդոց միջեւ: Անիկա իրաւունք ունէր նաեւ այն իմաստով, որ եթէ մարդոց մէջ բարեկամական դաշինքներ պատռողներ կան, հապա՞ գայլերուն մէջ… որոնք իրենց սուր ատամներով ո՛չ թէ թուղթի կտոր, այլ զայն ստորագրող մարդը պատառոտելու մեծ ախորժակներով կը մօտենան «գիւղ»երուն:
Այս գայլերուն ամէնէն աւելի վտանգաւոր տեսակները կրօնի ծայրայեղ բարեպաշտութեան մորթով շրջողներն են: Կեղծիքը անունի վերածուած կ՛ըլլայ ասոնց պարագային: Սակայն այդքան բացայայտ համեստութիւնը երբեմն իրականութեան կը մօտեցնէ անոնց բարեկամութիւնը ու այն եզրակացութեան կը յանգի մարդ, թէ իսկապէս հաշտութիւն գոյացած է անոնց հետ: Բայց այդ տպաւորութեան խաբկանք ըլլալը շուտով ի յայտ կու գայ: Միթէ՞ կրնայ գայլը մարդուն հետ հաշտուիլ:
Մեր եկեղեցւոյ շարականագիր վարդապետները աղանդաւորական շարժման պարագլուխները «յափշտակիչ գայլ» անուանած են, ճիշդ պատկերը տալով Քրիստոսի բանաւոր հօտէն մարդորսութիւն կատարող այդ իմաստակներուն: Նոյն այդ աղանդաւորներուն արտայայտած տեսակէտները աստուածաբանական խորք ունէին, սակայն Աւետարանի ուսուցումներուն ու Հայրերու աւանդութեան հակառակ վարդապետութիւն կը տարածէին: Այդ պատճառով ալ նզովուեցան անոնք Եկեղեցւոյ տիեզերական ժողովներով: Մինչդեռ այսօրուան աղանդաւորները ու երբեմն ճշմարիտ ուսուցումներէ շեղուած մարդիկ միայն կը ձեւացնեն, թէ գիտութիւն ունին: Սա վտանգաւոր է այն պարագային, երբ նման տգէտներ ուսուցանելու իրաւունք կը ստանան, իրենցմէ աւելի տգէտներ գտնելով կամ պատրաստելով:
Գայլն ալ փոքր եղած ժամանակ մասնաւոր վտանգ չի սպառնար շրջապատին, մանաւանդ երբ մարդիկ գիտեն որ տակաւին ատամներ չեն բուսած անոր բերանին մէջ: Սակայն երբ քիչ մը մեծնայ ու կազմաւորուի, շուտով բնութիւնը իրեն պիտի շնորհէ կատաղութիւնը եւ յօշոտելու կարողութիւնը, զորս պիտի գործադրէ բնազդաբար:
Նոյնպէս ալ վերոյիշեալ անձերը սկզբնապէս կրնանք անվնաս համարել կամ անտեսել անոնց ներկայութիւնը, կարծելով, թէ ո՛չ մէկ վնաս կը սպառնան հաւատաւոր հաւաքականութեան, սակայն շուտով կը նշմարենք, որ անոնք իրենց տգիտութեան համբաւը կը փոխակերպեն իմաստութեան մեծ վաստակի եւ կը յաջողին իրենց մականին տակ առնել միամիտներու ամբողջ բանակ մը:
Գայլը այս պարագային հովիւին ձեռքէն ճարտարութեամբ խլած կ՛ըլլայ անոր գաւազանը: Գիւղապետը զուր տեղ չէր, որ կը զգուշացնէր հովիւները՝ բնա՛ւ վար չդնել իրենց գաւազանը: Ան գիտէր, թէ գայլին վստահիլ չըլլար երբեք: Ուրեմն, ինչքան ալ բարեկամանաս գայլին հետ ու դաշինք կնքես անոնց մեծին հետ, գաւազանը երբեք վար չդնես, որովհետեւ թերե՞ւս գտնուի գայլ մը, որ կարդալ չի՛ գիտեր…
————————————