
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Երկուշաբթի, Մարտ 10ին ընդունած է Պաքու գտնուող Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար Հուլուսի Աքարի այցելութիւնը:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ ընդլայնուած կազմով այս հանդիպման ընթացքին Հասանով նշած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը հիմնուած է եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու վրայ: Անդրադառնալով տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակին՝ Զաքիր Հասանով յայտարարած է, որ տարածաշրջանային կայունութեան սպառնացող հիմնական վտանգը կը բխի Հայաստանէն:
Ան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն հիման վրայ: