ԵՐԵՒԱՆ.– 13 Մարտին միջազգային ֆութպոլի ղեկավար մարմինի՝ ՖԻՖԱի հրապարակած վերջին աղիւսակին մէջ 200 երկիրներու կարգին Հայաստան գրաւած է 41րդ դիրքը։
Ամիս մը առաջ հրապարակուած աղիւսակին հետ բաղդատելով, երբ Հայաստանի հաւաքականը գրաւած էր մրցանշային դիրք, անիկա ներկայիս նահանջած է 11 դիրքով։ Ասիկա 5 Մարտին Ռուսիոյ հետ կայացած ընկերական խաղին 0:2 արդիւնքով պարտութեան հետեւանքն է:
Հայաստան այժմ ունի 699 միաւոր, վարկանշային աղիւսակին մէջ անոր անմիջական «դրացիներ»ն են Փերուն (40րդ, 703 միաւոր) եւ Իրանը (42րդ, 692 միաւոր):
Ցանկը կը գլխաւորէ Սպանիան (1510 միաւոր), որուն կը յաջորդեն Գերմանիան եւ Արժանթինը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.