Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Շաբաթ, 8 Մարտ 2014ին գումարեց իր 20րդ Շրջանային ժողովը՝ Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, վերջինիս նստավայրին մէջ: Ժողովին ներկայ էր Վիգէն Եագուպեան, իբրեւ Համազգայինի Կեդր. վարչութեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ, Շրջ. վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերու եւ միաւորներու ներկայացուցիչներ, վարչականներ, ինչպէս նաեւ համազգայնական հրաւիրեալ ընկերներ, որոնց շարքին՝ Արփի Շանթ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Յարութիւն Արմէնեան:
Ժողովին ընթացքին արծարծուեցան համազգայնական մտահոգութիւններ՝ կազմակերպչական կեանքի, հայերէնագիտութեան մարզի եւ հայ մշակոյթի որակի ապահովման ու բարձրացման տեսակէտէն:
Իբրեւ հիմնարար լուծում՝ ժողովը միաձայնութեամբ բանաձեւեց Համազգայինի յառաջիկայ քառամեակի գործունէութեան վերաբերեալ առաջարկ մը՝ Համազգայինի հովանաւորութեամբ Հայագիտական հիմնարկ հաստատելու մասին:
Առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 5 տեւած շինիչ նիստերու վերջին օրակարգով, ժողովը հետեւեալ ընկերուհիներն ու ընկերները փակ քուէարկութեամբ պատգամաւոր ընտրեց՝ յառաջիկայ Մայիսի աւարտին տեղի ունենալիք Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական ժողովին.
Անիթա Հաւաթեան, Զուիկ Կէտիկեան, Հրաչ Սիմոնեան եւ Տիգրան Պապիկեան, որոնց ի պաշտօնէ կ՛ընկերանայ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեանը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՐԵՒՄՏ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Այս հաղորդագրութեան սրբագրուած տարբերակը ուղարկած էի անմիջապէս, ուր ընկ. Յարութիւն Արմէնեանի նոր պաշտօնը նշուած էր. դասախօս՝ UCLA համալսարանի: Հոս ներկայացուածը մօտիկ անցեալին վարած պաշտօնն է: Կ’արձանագրեմ՝ ուշադրութեան համար:
Շնորհակալութիւն,
Սեդա