ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի զօրամասերէն մէկուն մէջ 20 Մարտին զինուոր մը զոհուած է, իսկ սպայ մը՝ վիրաւորուած:
Դէպքը տեղի ունեցած է Մարտակերտի մարտական դիրքերուն մէջ, զինուորը մահացած է մարտական պարտականութիւնը կատարած ատեն, իսկ սպան տեղափոխուած է Ստեփանակերտի հիւանդանոց: Մահացող զինուորը 20ամեայ Արման Ղուկասեանն էր, իսկ վիրաւոր սպան՝ 26ամեայ Վարազդատ Զաքարեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան յատուկ հրամանագիրով մը Արման Ղուկասեանը յետմահու պարգեւատրած է «Մարտական Ծառայութիւն» մետալով՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.