
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Վարդան Կարապետեանի ընտրապայքարին: Կարապետեան իր թեկնածութիւնը դրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի արտակարգ ընտրութեանց, որոնք տեղի պիտի ունենան Յունիս 3ին, լեցնելու համար Ապրիլ 2013ին Կլենտէյլ քաղաքի գանձապահ ընտրուած Ռաքքի Մանուկեանի թափուր ձգած աթոռը:
«Կլենտէյլի քաղաքացիները յուզող հարցերուն նկատմամբ Վարդան Կարապետեանի կեցուածքները, համայնքային սպասարկութեան մարզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւնները եւ ղեկավարման ձիրքերը մեզ համոզեցին, որ ան լաւագոյն ընտրանքն է թեկնածուներուն մէջ», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
Կարապետեան կը յայտնէ, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է իր ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին որոշումը՝ աւելցնելով, թէ անկէ մեծապէս պիտի օգտուի իր ընտրարշաւը: «Կը խոստանամ կարելիս ընել, Կլենտէյլը ապրելու, սորվելու եւ աշխատելու համար աւելի լաւ վայրի մը վերածելու», կը յայտնէ Կարապետեան:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Դալար Մալաքեան կը յայտնէ, թէ հանրային եւ երթեւեկի ապահովութեան մարզերուն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու եւ քաղաքին ենթակառոյցը, ամավարկը, բնակարանային շրջաններն ու սպասարկութիւնները բարելաւելու անոր առաջարկները ցոյց կու տան, թէ անոր կեցուածքները կը համընկնին քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութեան կեցուածքներուն հետ:
2004էն ի վեր, Վարդան Կարապետեան եղած է Կլենտէյլ քաղաքի երեք յանձնաժողովներու անդամ ու փոխտնօրէնն է Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հիմնարկութեան: Ան եղած է «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» առողջապահական կեդրոնի վարչութեան անդամ եւ փոխատենապետը Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ դեմոկրատներու միութեան. 2005էն ի վեր կամաւոր կերպով կը մարզէ Ամերիկայի երիտասարդական ֆութպոլի կազմակերպութեան (AYSO) խումբեր:
Յունիս 3ի ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը դրած էին 7 անձեր, որոնցմէ 5ը ամբողջացուցած է թեկնածութեան պայմանները: Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցած էր բոլոր թեկնածուներուն հետ՝ նախքան իր վերջնական որոշումը արձակելը:
«Մինչ կը կարծենք, թէ Ռիք Պարնզ, Փաուլա Տիվայն եւ Մայք Մոհիլ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Կլենտէյլի բարելաւման աշխատանքներուն մէջ, հասանք այն եզրակացութեան, որ Վարդան Կարապետեանը լաւագոյն ընտրանքը պիտի ըլլայ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համակիրներուն համար», կը յայտնէ Մալաքեան:
Նշենք, որ Ռաֆֆի Մանուկեանի թափուր ձգած աթոռը ժամանակաւորապէս լեցուած էր Ֆրենք Քուինթերոյի կողմէ:
«Վարդան Կարապետեանի 28ամեայ գործարարական ու ղեկավարման փորձառութիւնը՝ յատկանշական թիւով աշխատաւորներու հետ, զինք պատրաստած է քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կենսական որոշումներ տալու պատասխանատուութեան», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Հիլմա Պալայեան:
«Տպաւորուած ենք նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքին անգլիախօս, հայ, քորէացի, սպանախօս եւ ֆիլիփինցի համայնքներուն հետ գործակցելու Վարդան Կարապետեանի յատկութեամբ», կ՛աւելցնէ Պերճ Կարապետեան:
Վարդան Կարապետեան ամուսինն է դոկտ. Արմինէ Կարապետեանին, որ ներկայիս անդամ է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով: