
ԵՐԵՒԱՆ.– 27 Մարտին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ ՄԱԿի դրսեւորած անտարբերութեան դէմ։
«Քեսաբը մերն է՝ մերն է լինելու», «Թուրքիա՛, ձեռքերդ հեռո՛ւ Քեսաբից» բացագանչութիւններով ցուցարարներն ու Հայաստան բնակող քեսապահայերը ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի շէնքէն երթով ուղղուեցան դէպի ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակ, ուր նամակը յանձնեցին կազմակերպութեան ներկայացուցիչին:
Ցուցարարները ՄԱԿէն կը պահանջէին կատարել իր իսկական առաքելութիւնը, դատապարտել եւ կանխել Թուրքիոյ քօղարկուած բռնարարքները Քեսապի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ միջոցներու ձեռնարկել՝ քեսապցիները իրենց մնայուն բնակութեան վայրը անվտանգ կերպով տեղափոխելու համար:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան բարձրախօսով նշեց, որ Քեսապ հայահոծ տարածքին վրայ Թուրքիան երեք անգամ ոտնձգութիւն կատարած է՝ 1909, 1915 թուականներուն եւ հիմա: «Այս երեք գործողութիւնները Թուրքիայի կողմից միտուած են ոչնչացնելու Քեսաբի հայ բնակչութեանը: Թուրքիան շարունակում է հայերի ցեղասպանութիւնը: Միջազգային հանրութիւնն իր կրաւորական կեցուածքով, անտարբերութեամբ, լռութեամբ սատարում է Թուրքիայի հակահայ քաղաքականութեանը, խրախուսում է Թուրքիային՝ շարունակելու ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Վարդանեան՝ պահանջելով միջազգային հանրութենէն համապատասխան գնահատական տալ, միջամտել եւ պահանջել Թուրքիայէն՝ զերծ մնալ պատերազմի հրահրումէն, հակահայկական գործողութիւններէն: «ՄԱԿը պարտաւոր է ստեղծել պայմաններ, որպէսզի քեսաբահայութիւնը վերադառնայ իր բնակավայր», ընդգծեց Վարդանեան:
ՄԱԿի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ նամակը անպայման արձագանգ կը գտնէ եւ կ՛ուղարկուի նաեւ ՄԱԿի միջազգային գրասենեակ:
Ցոյցին մասնակից քեսապահայերը, որոնք շատ յուզուած էին, պատմեցին, թէ վերջին օրերուն ինչպիսի զրկանքներ կրած են իրենց հարազատները: «100 տարի անց նորէն Թուրքիան իր սեւ գործը կ՛ընէ», նշեց անոնցմէ մէկը։