ՍԱՆԹԻԱԿՕ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 1ի երեկոյեան, հիւսիսային Չիլիի ծովեզերեայ շրջաններ ցնցած 8.2 ուժգնութեամբ երկարաշարժը առնուազն վեց զոհ խլեց՝ նիւթական մեծ վնասներ պատճառելով:
Երկրաշարժին կիզակէտը եղած է ծովուն մէջ, ամենամօտ ցամաքէն 60 մղոն արեւմուտք եւ 12.5 մղոն խորութեան վրայ:
Երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած բանտէ մը մօտաւորապէս 300 բանտարկեալներ կրցած են փախուստ տալ: Նկատի ունենալով, որ բանտը Փերուի սահմանին մօտ կը գտնուի, իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս փակած են Չիլի-Փերու սահմանը:
Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, կառավարութիւնը ծովաշարժի մը հաւանականութեան պատճառով կոչ ըրած էր ծովեզերեայ շրջանի բնակիչներուն, որ աւելի բարձր վայրեր ապաստանին, սակայն Չորեքշաբթի առաւօտեան, երբ ծովաշարժի մը հաւանականութիւնը բաւական նուազած էր, անոնց վերադառնալու կոչ ըրած էր նաեւ:
Յիշեցնենք, թէ 2010ին Չիլին հարուածած 8.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժի աւելի քան 500 զոհերուն մեծ մասը՝ երկրաշարժին յաջորդած ծովաշարժին զոհ գացած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.