
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մայիս 3ին, Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնադրամին ի նպաստ աւանդական դրամահաւաք-քայլարշաւը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի մէջ: Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9ին ու պիտի շարունակուին մինչեւ ժամը 10, իսկ 5 քլմ. քայլարշաւը պիտի սկսի ժամը 10ին՝ ժամը 9:30ին կայանալիք բացման արարողութենէն ետք:
Քայլարշաւը պիտի սկսի Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին առջեւէն: Հիւանդանոցի հասցէն է՝ 222 Eulalia St., Glendale, CA, 91204:
Կանխաւ արձանագրութեան սակը 25 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 10 տոլար: Տեղւոյն վրայ արձանագրուողներուն սակը 30 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 663-3609 թիւին կամ այցելել www.abmdr.am կայքը:
Տարեկան 9րդ սոյն քայլարշաւին գլխաւոր հովանաւորողներն են՝ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի ու առողջապահական կեդրոնի «Տիկնիթի Հելթ» բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ՝ «Ֆաունտէյշըն» դարմանատունը:
Նշենք, որ Կիրակի, Մարտ 23ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագի աւարտին, Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի նախագահ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի ներկայութեամբ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ա՛յլ երկիրներու մէջ հիմնարկին մատուցած բարեսիրական ծառայութիւններուն, գնահատեց ատարուող աշխատանքը եւ հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց, որ համագործակցին անոր հետ: