
ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը, տեղական աղբիւրներէ քաղելով իր լուրը՝ կը յայտնէ, որ «18 ծերունազարդ քեսապահայեր Թուրքիա բերուած էին ապստամբ Սուրիական (ազատ) բանակի հսկողութեան ու պաշտպանութեան ներքեւ եւ անոնք Թուրքիոյ մէջ դիմաւորուած էին մարդասիրական զգացումներով»։ «Մարմարա» ապա կը յայտնէ, որ այս լուրը ճշմարտութեան չէր համապատասխաներ։
«Մարմարա», մէջբերելով Ֆեհիմ Թաշթեքի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուածը (լոյս տեսած «Ռատիքալ» թերթին մէջ)՝ կը յայտնէ, որ սուրիացի «ապստամբ ուժերը Քեսապի մէջ մնացած ծերունի հայերուն ըսին, թէ զանոնք Լաթաքիա պիտի տանին, որպէսզի փրկուին, մինչդեռ զանոնք Թուրքիա բերին՝ փոխանակ Լաթաքիա տանելու։ Բոլորն ալ օրուան հագուստով էին։ Անոնք Թուրքիա գալէ ետք յայտնեցին, որ Պէյրութ երթալ կ՛ուզեն»։
Յօդուածագիրը խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ մասնաւորաբար շեշտած այն պնդումը, թէ «Քեսապի խնդիրին մէջ թուրք իշխանութիւնները նեղ կացութեան մատնուեցան ու հիմա անոնք պէտք ունին քեսապցի հայերուն դէմ իրենց մարդասիրութիւնը ցոյց տուող պատմութեան մը։ Իսկ Սուրիոյ ապստամբ բանակն ալ պէտք ունէր հայերէ պարպուած Քեսապի մը։ Այս կարգադրութեամբ, Թուրքիա ամբողջ աշխարհին ցոյց կու տար, թէ որքա՛ն մարդասիրաբար կը շարժի Քեսապցի հայերուն նկատմամբ»։
«Մարմարա»ի խմբագրութիւնը կապ հաստատած է Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի հետ: Ան նշած է, որ քեսապահայերը՝ 21 հոգի, Եայլատաղըէն բերուած էին Վագըֆ, ուր «շատ տաքուկ եւ ջերմ վերաբերում»ի արժանացած են: Ծերունիները սարսափահար, անխնամ վիճակ ունէին եւ ծանր յիշողութիւններով հեռացած էին Քեսապէն։ Անոնք կը պատմէին, թէ առանց որեւէ դիմադրութեան իրենց բանալիները տուած էին զինեալ ահաբեկիչներուն, որոնք թալանած էին տուները, ամէն ինչ կոտրած-թափած ու ապա հրկիզած էին զանոնք։