Քանի մը տարի է արդէն համացանցի «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ կը գործէ «Օրագիր» խումբը՝ իր հիմնադրութեան օրէն իսկ խումբին մէջ արտայայտուելու համար բացառապէս հայատառ հայերէնի գործածութիւնը իբրեւ անշրջելի սկզբունք ունենալով: Այսօրուան պատկերով գրեթէ 800 անդամներ հաշուող խումբին մէջ բազմիցս արծարծուած հարցերէն է համացանցի վրայ հայ անհատներու կամ հայկական հաստատութիւններու կողմէ օտար լեզուի եւ կամ լատինատառ հայերէնի գործածութեան ահազանգային պատկերը: Սոյն նիւթին շուրջ վերջերս տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին խումբի որոշ անդամներ առաջարկեցին բաց նամակով դիմել հանրութեան եւ պատկան մարմիններուն՝ անոնց եւս հասցնելու համար այս մտահոգութիւնը:
Առ այդ, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հետեւեալ տողերուն վրայ.
Պէտք է նկատի առնել հետեւեալ բացայայտ իրողութիւնները.
Ա. Նոր սերունդին ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ համակարգիչի, համացանցի եւ մասնաւորաբար «Ֆէյսպուք»ի նման ընկերային ցանցերու գործածութեան տրամադրուած ժամանակը հետզհետէ աւելի ծանրակշիռ է, եւ հետեւաբար չափազանց ազդեցիկ՝ անհատի կազմաւորման եւ զարգացման համար: Այդ ժամանակը յաճախ կը հաշուէ աւելի քան տպագիր հրատարակութիւններու հետ շփման յատկացուած ժամանակը:
Բ. Վերոյիշեալ ընկերային ցանցերուն վրայ ներկայութիւն եղող հայ անհատներու հաղորդակցութիւնը կա՛մ զուտ անգլերէն եւ կամ աղաւաղեալ լատինատառ հայերէն է՝ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ:
Գ. Լեզուները կ՛ապրին ու կը պահպանուին ամէնօրեայ գործածութեամբ միայն: Գործածութեան չափն ու ձեւն են, որոնք կը ճշդեն անոնց ճակատագիրը: Իսկ այսօրուան դրութեամբ շատերու ամէնօրեայ գործածութեան մէջ անգլերէնը կամ լատինատառ հայերէնը համեմատաբար աւելի տեղ ունի, քան հայատառ հայերէնը, յատկապէս՝ համացանցի վրայ պարզուած վերոյիշեալ իրողութեան իբրեւ հետեւանք:
Դ. Այս իրողութիւնը դիմակայելու ուղղութեամբ քարոզչական թէ գործնական ծրագիրներ դժբախտաբար նկատելի չեն առ այսօր: Աւելի՛ն. հայապահպանման պարտականութիւն ունեցող որոշ կառոյցներ եւ հաստատութիւններ իրե՛նք եւս իրենց կայքերու եւ «Ֆէյսպուք»ի էջերու վրայ կը զիջին անգլերէնի կամ լատինատառ հայերէնի գործածութեան:
Հետեւաբար կոչ կ՛ընենք.
Ա. Հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն.
Անպայմանօրէն կրթական ծրագիրներուն մէջ տեղ յատկացնել համակարգիչի վրայ հայերէն տառերու տեղադրման եւ օգտագործման դասաւանդումին: Այս՝ լրջագոյն մակարդակով եւ հետեւողական աշխատանքով, այնպէս մը, որ իւրաքանչիւր աշակերտ լիովին տիրապետէ համակարգիչի վրայ հայերէն տառերու գործածութեան:
Բ. Հայկական հաստատութիւններուն, միութիւններուն, կառոյցներուն:
Իրենց կայքերու եւ «Ֆէյսպուք»ի էջերուն վրայ հայատառ հայերէնի գործածութեան տալ անզիջելի նախապատուութիւն:
Գ. Հայ լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայկականութեան պահպանութեամբ մտահոգ իւրաքանչիւր հայ անհատի:
Համացանցի վրայ որպէս առօրեայ արտայայտութեան լեզու գործածել հայատառ հայերէնը եւ կարելի եղած միջոցներով քարոզչութիւն տանիլ այս ուղղութեամբ:
Իր կարգին «Օրագիր»ը յառաջիկային աւելի լայն տեղ պիտի տայ այս երեւոյթի քննութեան, քննարկման եւ կառուցողական քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հայատառ հայերէնի օգտագործման ուղղութեամբ քարոզչութեան:
Համացանցի եւ արհեստագիտութեան աշխարհներն են, որոնք կ՛իշխեն այսօր, ուզենք թէ չուզենք: Պէտք է գիտակցիլ սակայն, որ եթէ մէկ կողմէ սպառնալիք են անոնք, միւս կողմէ՝ կրնան իբրեւ գործիք եւ միջոց ծառայել:
Այնպէս ընենք, որ Աւետիք Իսահակեանի բառերով՝ «Բարձր լեռներից եւ խորունկ ձորերից ծնուած» մեր լեզուն համացանցին մէջ չմեռնի…
«ՕՐԱԳԻՐ» Խումբի Համակարգող Կազմ
ԾԱՆՕԹ.- Համակարգիչի վրայ հայերէն տառերու օգտագործման համար օգնութեան կարիք ունեցողները կրնան դիմել մեզի՝ գրելով հետեւեալ հասցէին՝ orakir@gmail.com