ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9ին հանդիպում մը ունեցաւ Թեհրան այցելող Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ՝ շեշտելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Ռուհանի յատկապէս անդրադարձաւ Արցախի տագնապին՝ նշելով, թէ հակամարտութեան կողմերը պէտք է իրենց կարելին ընեն տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու համար՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով նպաստելու այդ լուծումը գտնելու ջանքերուն:
Երկու նախագահները նաեւ քննած են զանազան ոլորտներու եւ յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:
Իր կարգին, Ալիեւ շեշտեց Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, թէ «այս գծով Իրանի կեցուածքը աւելի մօտ է արդարութեան»:
Աւելի կանուխ, իրանեան շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն տարածած էին այն մասին, թէ Ատրպէյճան Իրանին նուիրած է Նախիջեւանի æուղա շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող վիճելի հողատարածք մը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ յայտարարեց, որ այդ տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, եւ՝ «Ատրպէյճան որեւէ մեթր հող ոչ ոքի տուած է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.