ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ճափոնի կառավարութիւնը Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 200 միլիոն իեն (մօտ երկու միլիոն տոլար) արժողութեամբ սարքաւորումներ պիտի տրամադրէ: Միջպետական համաձայնագիրի նախագիծին համաձայնութիւն տուած է կառավարութիւնը՝ 10 Ապրիլին կայացած նիստին ընթացքին: Ըստ համաձայնութեան՝ հայկական կողմը, իր հերթին, պէտք է ներմուծուող սարքաւորումը ազատ կացուցէ հարկերէ ու տուրքերէ:
Ճափոն պարբերաբար իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, նաեւ մասնագէտներու համար վերապաստրաստութեան դասընթացքներ կազմակերպելով: Համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը երկու երկիրներուն համար երկրաշարժի հետեւանքներէ պաշտպանութիւնն է: Աջակցութիւնը կը ցուցաբերուի տարբեր, անուղղակի, օրինակ՝ ՄԱԿի միջոցով իրականացուող ծրագիրներուն ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.