
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի ճարտարագիտութեան «Վիթերպի» բաժանմունքը Ապրիլ ամսուան հետախուզութեան օգնական ընտրած է Արմէն Տէր Գէորգեանը, որուն ուսումնասիրութիւնները կը կեդրոնանան քաղաքացիական հսկայ ենթակառոյցներու կացութիւնը արժէաւորելու, անոնց հետեւելու եւ հաւանական հարցեր կանխատեսելու չափագիտական բարդ նախատիպեր գոյացնելու վրայ:
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Արմէն նաեւ կ՛աշխատակցի Ազգային օդանաւային եւ անջրպետային վարչութեան (NASA) «Արմսթրոնկ» թռիչքներու հետախուզութեան կեդրոնին հետ, անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ մարզերու մէջ:
Տէր Գէորգեան վերջերս ատացաւ դոկտորական կոչումը, յաջողութեամբ պաշտպանելով իր աւարտաճառը, իբրեւ խորհրդատու ունենալով դոկտ. Սեմի Մասրին: Ան Մագիստրոսի երկու վկայականներու արժանացած է վերոյիշեալ «Վիթերպի» բաժանմունքէն՝ ելեկտրական եւ կառուցային ճարտարագիտութեան ճիւղերուն մէջ:
Արմէն նաեւ արհեսրավարժ ջութակահար է եւ այդ մարզին մէջ իր ուսումը ամբողջացուցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալասարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցին մէջ: Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարածքին եւ զայն կարելի է տեսնել նաեւ «The Soloist» («Մենակատարը») շարժապատկերին մէջ:
Արմէն նաեւ աշխոյժ է համայնքի կեանքին մէջ, ըլլալով ՀԲԸՄի Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, յաճախ գործակցելով Կլենտէյլ հաստատուած «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան հետ: