ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Նախիջեւանի բնակիչ Նազըմ Մամետով ձերբակալուած է ատրպէյճանցի սահմանապահ զինուորներու կողմէ, երբ սպիտակ դրօշով Հայաստան փախչիլ կը փորձէր։ Ըստ ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքին՝ Մամետով Նախիջեւանէն փախչելու իր այս որոշումը փորձած է գործադրել Ապրիլ 12ին, որովհետեւ ոստիկանութիւնը մերժած է քննել իր բողոքը՝ ոստիկանութեան տասնապետի մը դէմ։
Տարի մը առաջ, Շարուրի շրջանի ոստիկանութեան տասնապետներէն մէկը սպառնալիք ուղղած էր Նազիմի կնոջ ու անկէ գումար մը յափշտակած։ Ապա, ան սկսած էր հալածելու այդ կինը՝ պահանջելով, որ սեռային յարաբերութիւն ունենայ իրեն հետ։ Հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, Նազըմի որդին տեսած էր զանոնք ու ծեծկռտուք սկսած էր երկուքին միջեւ, որմէ ետք դատ բացուած էր։
Նազըմ յայտարարած էր, որ պիտի յանձնուի հայերուն, եթէ չպատժեն ոստիկանութեան տասնապետը, սակայն դատը անտեսուած էր։
Ներկայիս Մամետով ձերբակալուած է ու ոչինչ յայտնի է անոր ճակատագիրին մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.