ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Հակադարձելով այն տեղեկութիւններուն, թէ ամերիկեան արդիական հակահրասայլային հրթիռներ հասած են Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալելու նպատակով պայքար մղող իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն ձեռքը՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ արեւմտեան երկիրներուն, որ արդիական զէնքեր չտրամադրեն զինեալ ապօրինի խմբաւորումներուն: Նախարարութիւնը ազդարարեց, թէ նման քայլ մը կրնայ «լրջօրէն ապակայունացնել կացութիւնը» ու կրնայ պատճառ դառնալ, որ զէնքերը հասնին ահաբեկիչներուն, որոնք զանոնք պիտի գործածեն քաղաքացիական թիրախներու դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.