– Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման նախատեսեց, թէ Իսրայէլ յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին խաղաղութիւն կրնայ հաստատել «արաբական պետութեանց մեծամասնութեան հետ»՝ աւելցնելով, որ նման համաձայնագիրներ կրնան կնքուիլ անոնց հետ, որոնք «չափաւորական են եւ որոնք կը գիտակցին, թէ իրենց սպառնացող կողմերն են Իրանը, «Հըզպալլա»ն, «Քայիտա»ն եւ ոչ թէ Իսրայէլը»:
– «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնած է, որ Իրան իրաւունք ունի իւրանիոմը մինչեւ 90 առ հարիւրով հարստացնելու՝ նշելով, որ հիւլէական զէնքը չտարածելու համաձայնագիրը այդ իրաւասութիւնը կու տայ զայն ստորագրած բոլոր երկիրներուն, որոնցմէ մէկն է Իրանը: Ըստ Սալեհիի՝ Իրան կամաւորապէս համաձայն գտնուած է սահմանափակելու իւրանիոմի հարստացման իր ծրագիրը:
– Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան իշխող կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ այս շաբաթ ունեցած իր խորհրդակցութեան ընթացքին, անուղղակի կերպով շօշափած է երեսփոխաններուն կարծիքը՝ նախագահական ընտրութեանց իր թեկնածութեան առնչութեամբ: Վարչապետը բացայայտ կերպով չէ ըսած, թէ ինք թեկնածու է, բայց ըրած է կարգ մը յայտարարութիւններ, որոնք այդ մասին ակնարկ կու տան։ Օրինակ՝ ան ըսած է, որ եթէ նախագահ ընտրուի, սահմանադրական իր բոլոր իրաւունքները պիտի գործածէ ու վարչապետին հետ պիտի պայքարի «զուգահեռ պետութեան» դէմ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.