ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Անգլիոյ դրամատան փոխկառավարիչ Ճան Քանլիֆ յայտնած է, որ Քսաններու խմբակն ու Եւրոպական Միութիւնը պէտք է արագացնեն դրամատուներու վերակազմաւորումը, որ առնչուած է ելեւմտական համակարգին դիմագրաւած վտանգներուն: Անոր յայտարարութեան բնագիրը հրապարակուած է Բրիտանիոյ կեդրոնական դրամատան կայքին վրայ:
Քանլիֆ նշած է, որ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին պատճառած վնասները, որոնք հինգ տարի առաջ խոցելի դարձուցած էին դրամատնային համաշխարհային համակարգը, մինչեւ օրս չեն դարմանուած:
Անգլիոյ դրամատան փոխկառավարիչը մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ այժմ դժուար է վստահօրէն նշել, թէ կարելի է յաղթահարել համաշխարհային դրամատնային համակարգին սպառնացող լուրջ վտանգները, որուն համար ալ անհրաժեշտ է Քսաններու խմբակի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ յաւելեալ միջոցառումներու ձեռնարկումը՝ ապահովելու համար ելեւմտական միջազգային համակարգի կայունութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.