
Աղիքային ծոցաւորում (diverticulosis) կը նշանակէ ծոցերու կամ պարկիկներու յառաջացում հաստ աղիքի պատերուն վրայ: Իսկ անոնց բորբոքումը կը կոչուի աղիքային ծոցաբորբ (diverticulosis): Աղիքային ծոցաւորումը կը պատահի հաստ աղիքի ամբողջ երկարութեան, մասնաւորապէս սիկմաձեւ աղիքին (segmoid) մէջ: Ծոցերը կ՛ունենան 3 մմ.էն 3 սմ. տրամագիծ եւ զանազան երկարութիւններ: Անիկա կը յայտնուի ընդհանրապէս 40 տարեկանէն ետք:
Աղիքային ծոցաւորումին ճշգրիտ պատճառը անորոշ է: Սակայն երկարատեւ փորի պնդութիւնը, կղկղանքի կուտակումը եւ բնաթելերով (fiber) աղքատ սննդանիւթերու սպառումը նկատուած են կարեւոր ախտապատճառներ:
Ներաղիքային գերճնշումով աղիքներու մկանները կը տկարանան եւ խլնաթաղանթը կ՛արտամղուի (extrusion), ու կը յառաջանան մէկ կամ մէկէ աւելի ծոցեր կամ պարկիկներ:
Աղիքային ծոցաւորում ունեցողներուն 75 տոկոսը ախտանշան չեն ունենար եւ դարմանումի պէտք չեն ունենար:
Անոնց 10 տոկոսը կ՛ունենան անցաւ սրբանային արիւնահոսութիւն, որ երբեմն մեծածաւալ կ՛ըլլայ: Այս պարագային արեան փոխներարկումը (blood transfusion) կը դառնայ պարտաւորիչ: Սրբանային արիւնահոսութեան պարագային կը կատարուի հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy) եւ երբեմն հաստ աղիքի զարկերակային գունաւոր նկարահանում (angiography):
Իսկ մնացեալ 15 տոկոսը կ՛ունենան հաստ աղիքի ծոցաբորբ: Տարեցներու մօտ անցաւ սրբանային արիւնահոսումի պարագային նկատի պէտք է առնել ծոցաբորբի կարելիութիւնը:
Առանց ախտանշանի ծոցերու գոյութիւնը ընդհանրապէս ի յայտ կու գայ այլ նպատակներու համար կատարուած հաստ աղիքի դիտումի ընթացքին:
Աղիքային ծոցաբորբը կը յառաջանայ ծոցերու կղկղանքի կուտակումով:
Անիկա մտահոգիչ երեւոյթ է մանաւանդ քորթիզոն գործածող ծերերու մօտ: Անիկա ընդհանրապէս կը պատահի սիկմաձեւ հաստ աղիքին մէջ:
Աղիքային ծոցաբորբի պարագաներուն 70-80 տոկոսը կ՛ըլլան ինքնամփոփ եւ տեղային, որուն ախտանշանները կ՛ըլլան՝ բարձր ջերմ, դող, փորի ցաւ եւ փսխունք: Իսկ պարագաներուն 20-25 տոկոսը կ՛ունենան հետեւեալ բարդութիւնները.
1. Աղեպատի սուր թարախակոյտ.
2. Աղիքային խցում.
2. Աղեպատի ծակում.
3. Որովայնապատի-որովայնամիզի (peritoneum) բորբոքում.
4. Որովայնամիզի ծակում.
5. Խլուակի (fistula) կազմութիւն, որ ընդհանրապէս կը յառաջանայ աղիքի եւ միզապարկի (urinary bladder) միջեւ եւ քիչ պարագաներուն բարակ աղիքի եւ արգանդի կամ հեշտոցի միջեւ:
Այս բարդութիւնները կը յայտնուին հետեւեալ ախտանշաններով՝ բարձր ջերմ, զօրաւոր փորի ցաւ, նողկանք, փսխունք, փորի ուռեցք եւ արիւնախառն կղկղանք: Աղիքի եւ միզամանի խլուակի կազմութեան պարագային տեղի կ՛ունենայ օդախառն մէզ, իսկ արգանդի խլուակի պարագային՝ հեշտոցային կղկղանցում:
Վերոյիշեալ բարդութիւններու ախտաճանաչումը կը կատարուի որովայնի համակարգչային շերտագրական նկարահանումով (CT Scan):
Մեղմ ծոցաբորբը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով, իսկ յառաջացած ծոցաբորբի պարագային դարմանումը կ՛ըլլայ հիւանդանոցի մէջ, ուր կը կիրարկուին ներերակային հեղուկներ եւ հակամանրէական դեղեր:
Ծոցաբորբի բարդութիւնները ընդհանրապէս կը դարմանուին արեան փոխներարկումով եւ աղիքի վիրահատումով:
Աղիքային ծոցաւորումի կանխազգուշական երկու յանձնարարութիւններ կրնան օգտակար ըլլալ.
1. Բնաթելով հարուստ սննդանիւթեր շատ ուտել.
2. Երկարատեւ փորի պնդութիւն չունենալ: