ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 18 Ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին հայութեան, թանգարան–հիմնարկին ունեցած ծրագիրներուն ու տարած աշխատանքներուն, Թուրքիոյ կողմէ դրսեւորուած կեցուածքներուն ու այս առնչութեամբ եղած նախատեսութիւններուն։ Ան նաեւ խօսած է թանգարան–հիմնարկին մէջ տարուող շինարարական աշխատանքներուն, արձանագրուելիք նորարարութիւններուն։ Դեմոյեան նաեւ անդրադարձած է Քեսապի դէպքերուն։
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ Թուրիքայում նորանոր ցնցումներ կը լինեն, որը լուրջ մարտահրաւէր է, քանի որ Թուրքիան ոճրագործ պետութեան իրաւայաջորդն է: Սա լուրջ մարտահրաւէր է, որը կարող է նաեւ մեր երկրում որոշակի վտանգներ ստեղծել: Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Թուրքիայի խնդիրների մէջ առանցքային է, այն ցնցման է ենթարկում, նպաստում իրադարձութիւնների, ճգնաժամային երեւոյթների խորացմանը, որովհետեւ այստեղ մենք գործ ունենք իշխանութիւն եւ հասարակութիւն անջրպետի խորացման հետ», նշած է Դեմոյեան:
Ան պատմած է, թէ ինչպէս թանգարան-հիմնարկի «Ռաֆայէլ Լեմքին»ի կրթաթոշակով ուսանող գիտաշխատողներէն մէկը քանի մը օրուան համար Պոլիս գացած է եւ ներկայ եղած է Ա. համաշխարհային պայքարին նուիրուած գիտաժողովին, որ Թուրքիոյ մէջ բաւական պատկառելի ներկայացուցչական մակարդակ ունէր, եւ որուն ընթացքին բանախօսներուն մեծ մասը սատարած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի կիրարկման։ Գիտաշխատողը ծափահարած է եւ նշած, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցուած է պատմութեան կողմէ, վերաքննման որեւէ առիթ չունի: Այս փաստը, Դեմոյեանի համաձայն, աներեւակայելի եւ նոյնիսկ չափազանց վտանգաւոր կը նկատուէր քանի մը տարի առաջ։
«Համար մէկ խնդիրն այն է, թէ ինչպէս կարող ենք աշխատել փոփոխուող թուրք հասարակութեան հետ, քանի որ ճնշող մեծամասնութիւնը ազգայնական-ռասիստական կրթութիւն ստացած անձինք են, գալիս է մի նոր սերունդ, որը կաղապարուած չէ, օգտւում է սոցիալական ցանցերից, որին հնարաւոր չէ պարտադրել, սահմանագծերի մէջ դնել եւ որը հետաքրքրուած է պատմութիւնով: Այս երիտասարդների համար գլխաւոր հարցերից մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցն է: Պէտք է մշակել աշխատանքի ճիշդ ուղղութիւն, ոչ թէ հարուածների ձեւով, այլ փափուկ ուժի կիրառմամբ պէտք է կարողանանք աշխատել», ընդգծած է Դեմոյեան:
Ըստ անոր՝ թուրք երիտասարդը պէտք է ծանօթանայ Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ ասոր համար անհրաժեշտ է քարոզչական աշխատանք տանիլ նաեւ վըրչուըլ աշխարհին մէջ, տասնեակ ելեկտրոնային միջոցներով: Դեմոյեան զուգադիպութիւն չնկատեց այն, որ կառոյցի պաշտօնական կայքը այցելողներուն մէջ ամէնէն մեծ թիւը կը կազմեն Թուրքիայէն հետաքրքրուողները՝ շնորհիւ կայքի թրքերէնով բաժինին։
«Թուրքիայի հասարակութեան մէջ տեղի են ունենում փոփոխութիւններ, մենք չենք հասցնում հետեւել այդ փոփոխութիւններին: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, թէ իրազեկութեան բարձրացում կ՛ասեն՝ համար մէկ թիրախը թուրք հանրութեան նոր սերունդն է: Այս ամենակարճ ճանապարհով, ոչ թէ «կոճակ» սեղմող պատգամաւորների միջոցով կարող ենք հասնել հիմնախնդիրների լուծմանը», յայտնած է բանախօսը:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին 10 Ապրիլին ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը դատապարտող բանաձեւին՝ Հայկ Դեմոյեան նշած է, որ նման նախաձեռնութիւններ ոչ առաջին եւ ոչ ալ երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛ընդունուին:
«Սա Հայոց Ցեղասպանութեան գործիքաւորումն է, եւ որպէս միջոց օգտագործելն է կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ խնդիրներ լուծելու համար, արդեօք պէ՞տք է հրճուենք, որ մեր հարցը վերածւում է մեծ քաղաքականութեան մանրադրամի, կարծում եմ, համակարծիք կը լինէք, որ ո»չ, դիտել տուած է Դեմոյեան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկն է տարածաշրջանին մէջ:
Հայկ Դեմոյեան շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ բացի թուրք հանրութեան, միջազգային լսարանին հետ աշխատելու հարցէն, կարեւոր է նաեւ հայ երիտասարդ սերունդին հետ տարուող աշխատանքը։
«Պէտք է կարողանանք ցեղասպանութեան թեման ազատել հոգեկան կարծրատիպերից, պարտուողական գերյուզականացուած շերտերը մաքրենք եւ ցանկացած հայ երիտասարդի մէջ մտցնենք այն գիտակցութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման գիտակցութեան թեմա է», ըսած է թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը՝ աւելցնելով, որ Ծիծեռնակաբերդի մէջ պէտք է երիտասարդներուն մօտ ամբողջանայ կեանքի շարունակականութեան, սեփական երկրի օրէնքները յարգելու գիտակցութիւնը:
Խօսելով Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին՝ Դեմոյեան յայտնած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Քեսապի առնչութեամբ տեղի կ՛ունենայ հոգեբանական ահաբեկչական գործողութիւն:
«Նման գործողութիւնների հիմնական նպատակը՝ Թուրքիան համայն հայութեանը հոգեբանօրէն ահաբեկում է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին: Դա ինքնանպատակ չէ, քանի որ ցանկանում են ճշգրտել մի քանի հանգամանք՝ որքանո՞վ է հայութիւնը միասնաբար հանդէս գալիս այս հարցում, ինչքա՞ն է մեր ներուժը հասնելու նրան, որ միջազգային լսարանը հանդէս գայ դատապարտման յայտարարութիւններով», նշած է փորձագէտը՝ միջազգային հանրութեան արձագանգը գոհացուցիչ համարելով:
Խօսելով թանգարան–հիմնարկին մէջ տեղի ունեցող շինարարական–նորարարական աշխատանքներուն մասին՝ Հայկ Դեմոյեան նշած է. «Նոր տեխնոլոգիաների կիրառում, փոքրիկ կինոսրահներ, հպումով էկրաններ. ուղիղ մէկ տարի անց այս եւ շատ այլ նորարարութիւնների միջոցով կը ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի նոր ցուցադրութիւնը»: Անոր համաձայն՝ յառաջիկային մէկ անգամ տրուած այցելութիւն մը բաւարար պիտի չըլլայ թանգարանի բոլոր ցուցանմոյշներուն ծանօթանալու համար, այլ միայն երկրորդ-երրորդ այցելութեան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ստանալ ամբողջական պատկերացում:
«Նոր կառոյցում է տեղաբաշխուած թանգարանի վարչական մասը, պահոցները բաւական ընդարձակ են: Ապրիլի 21ին այցելուները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ծանօթանալ ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ Փոքր սրահում», դիտել տուած է Դեմոյեան: Անոր համաձայն՝ վարչական մասը պիտի ունենայ նաեւ նոր սրահ՝ գիտաժողովներ կայացնելու համար: «Ճիշդ մէկ տարի անց թանգարանը կը ներկայանայ մշտական ցուցադրութեամբ: Այն բացառիկ է լինելու ցուցադրութեան նիւթի ընդգրկմամբ, որակով, գիտականութեամբ», ընդգծած է Դեմոյեան:
Թանգարանին մէջ 2015 թուականի Մարտին բացուող նոր ցուցադրութիւնը 2,5 անգամ աւելի մեծ պիտի ըլլայ: «Շուրջ 200 անգամ աւելի է լինելու ներառուող նիւթը՝ բնօրինակները, ոչ թէ թուայնացուած նիւթերը», յայտնած է ան։
Դեմոյեան տեղեկացուցած է, որ վերջին ութ տարուան ընթացքին թանգարան-հիմնարկը նուիրատուութիւններ ստացած է Եղեռնի զոհերուն, մազապուրծ փրկուածներու ժառանգորդներէն, անհատներէ: Ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարլին իր ամբողջ գրականութիւնը՝ շուրջ 1000 հատորէ աւելի հրատարակութիւններ, նուիրած է թանգարան-հիմնարկին:
Անոր համաձայն՝ թանգարան-հիմնարկը պիտի դառնայ լաւ հարթակ երկարաժամկէտ հետազօտութիւններու համար, որոնք պիտի ունենան նաեւ միջազգային գիտահետազօտական նշանակութիւն: «Հետեւողականօրէն աշխատանք է տարւում միջազգային համագործակցութեան շրջանակներն ընդլայնելու ուղղութեամբ, պայմանագիր է կնքուել Կանադայի մարդու իրաւունքների թանգարանի հետ», նշած է Դեմոյեան: Համաձայնագիր կնքուած է նաեւ Ռուսիոյ «Ողջակիզում» հիմնադրամին հետ, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ համաձայնութիւն կնքելու աշխատանք կը տարուի Փարիզի «Ողջակիզում» փաստագրութեան մեծագոյն կեդրոնին հետ։
Եռապատկուած է «Ռաֆայէլ Լեմքին»ի կրթաթոշակի դիմումներու քանակը: Այժմ թանգարանին մէջ իր գիտական թէզին վրայ կ՛աշխատի Թուրքիայէն եկած ասբիրանթ մը, որուն կիզակէտն է ուսումնասիրել ցեղասպանութեան յիշողութեան, մոռացութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ժխտողականութեան երեսները: «Սա եւս արդիւնքներից մէկն է, որն ունի թանգարանը: Ինտենսիւ աշխատել ենք նոր գրականութիւն, նոր աղբիւրներ ներկայացնելու ուղղութիւններով», նշած է Դեմոյեան՝ կարեւոր նկատելով այն, որ նոր հրատարակութիւններու շարքին է «Հենրի Մորկընթաուի Պատմութիւնը» աշխատութիւնը:
«Կարեւորում ենք նաեւ մեծարժէք գիտահետազօտական աշխատանքները, Վահագն Տատրեանի կոթողային աշխատութիւնները հայերէն լոյս կը տեսնեն յաջորդ տարի», յայտնած է ան: Հրատարակութիւններուն կողքին իր տեղը ունի նաեւ կառոյցի առաջին պարբերական ցեղասպանագիտական հանդէսը, որ պիտի ունենայ նաեւ անգլերէն տարբերակը: Նոր հրատարակութիւններէն Հայկ Դեմոյեան կարեւոր նկատած է «Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութիւնը եւ Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը» ռուսերէն աշխատութիւնը, որ շատ լաւ կերպով ընդունուած է Ռուսիոյ գիտական շրջանակներուն կողմէ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ թանգարանը շուրջ 20 ժամանակաւոր ցուցադրութիւններով պիտի ներկայանայ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։ Ամէն օր նամակագրութեան միջոցով թանգարանը կը ստանայ նոր ցուցանմոյշներ: Վերջերս նամակատան միջոցով թանգարան հասած է1917 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած կրծքանշան, որ կը վկայէ այն մասին, որ 5916 մարդ այդ տարիներուն ներգրաւուած եղած էր Հայաստանի եւ Սուրիոյ նպաստամատոյցի աշխատանքներուն մէջ: Դեմոյեան կարեւոր նկատած է նաեւ բացումը Երեւանի պետական համալսարանին հետ Ցեղասպանագիտութեան ամպիոնի , ուր կը մասնագիտանան եօթը ապագայ ցեղասպանագէտներ: «Մարտահրաւէրների թւում է մօտակայ տարիներին սերնդափոխութեան խնդիրը, եւ այստեղ ի զուր չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բուհերից մէկում համագործակցութեամբ իրականացւում են այս աշխատանքները», նշած է ան։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին Հոկտեմբեր 2014ին, ապա պիտի սկսին կառոյցի ներքին յարդարման աշխատանքները:
Դեմոյեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ 27 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստը, ուր պիտի քննարկուին յառաջիկայ ընելիքները: Ան յայտնած է, որ յառաջիկային թանգարան-հիմնարկը առաւել լայն գործունէութիւն պիտի ծաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշակերտներուն, ուսանողներուն մօտ իրազեկուածութեան բարձրացման, կրթադաստիարակչական աշխատանքներու աշխուժացման ուղղութեամբ:
Ասուլիսէն ետք տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նոր վեց հրատարակութիւններու, բացիկներու եւ դրոշմաթուղթերու շնորհահանդէսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.