Յարգելի պարոն նախագահ,
Չափազանց վրդովուած Քեսապի հայութեան տեղահանման, զոհերուն ու տառապանքին առթիւ՝ կ՛ուզեմ յայտնել նկատողութիւններս:
Կարդացի մամուլով ձեր յայտնած Սուրիոյ քաղաքացիական պայքարին չէզոք մնալու ու կռիւներու պարագային՝ զայն յիմարութիւն նկատող թելադրանքը: Ո՞ւր էիք, սակայն, անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին, երբ Սուրիոյ հայութիւնը արհաւիրքի մէջ էր, իսկ Քեսապը, որ յարաբերաբար խաղաղ կը թուէր, ապաստարան էր դարձած տարբեր շրջաններէ փախստական հայերու: Արդեօք գիտէի՞ք, թէ Քեսապն ալ հայրենիք է, ինչպէս են Հայաստանն ու Արցախը: Թերեւս կը կարծէիք, թէ Քեսապը ապահով վայր է, քանի որ Թուրքիան պայմանագիր ստորագրած է իր զօրքը հեռու պահելու Սուրիոյ սահմանէն: Չէի՞ք կարդացած Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յուշերը», ուր թուրքին մասին կ՛ըսէ՝ օձի հաւկիթէն աղաւնի չի՛ ծնիր: Գոնէ մշակա՞ծ էիք շտապ օգնութեան ծրագիր մը այն պարագային, եթէ յարձակում ըլլար:
Մեկնելով Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի անփոյթ արտայայտութենէն, թէ Հայաստանը իրաւունք չունի միջամտելու Սուրիոյ ներքին հարցերուն, ինչ որ համազօր է Տաւութօղլուի՝ քեսապցիները Թուրքիա հրաւիրելու լկտի թելադրութեան, ապա կարելի է անկասկած եզրակացնել, որ վերոյիշեալ բոլոր հարցերուն պատասխանը բացասական է: Ո՞ւր է արդիւնքը Ազգային ժողովին կողմէ Լաթաքիա տեղաւորուածներուն քով առաքուած պատգամաւորներու այցելութեան: Կրնա՞ք պատկերացնել, որ դուք եւ ձեր ընտանիքը՝ առաւել քանի մը հարիւր մարդ, ապրիք գրեթէ ամիս մը շարունակ եւ Աստուած գիտէ մինչեւ երբ, միայն մէկ զգեստով, եկեղեցւոյ մը սրահը:
Պատի՜ւ քանի մը տասնեակ երիտասարդ պահակներու, որոնց խոհեմութեան շնորհիւ կարելի եղած է տեղափոխել հայութիւնը Լաթաքիա, այլապէս եւ ըստ ականատեսներու՝ կ՛ունենայինք վեց հարիւր պատանդ ընտանիք, սպանութիւն ու զանազան անբարոյական ու անմարդկային վերաբերումներ:
Պետութեան գլխաւոր նպատակն է կանխել ազգին սպառնացող վտանգը: Դժբախտաբար՝ չկրցաք կանխել: Գոնէ օգնեցէ՛ք: Օդանաւ ղրկեցէք ու փոխադրեցէք զիրենք Հայաստան: Այս մէկը հայ պետութեան պարտականութիւնն է: Այս մէկը քրիստոնեայի վայել վերաբերում է:
ԺԱՆՕ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.