
ՖՐԵԶՆՕ.- Չարլի Քէյեան Համագաղութային հայ վարժարանի տարեկան 37րդ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 29ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեան» սրահին մէջ, ի մի բերելով 250 հոգի:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարժարանի հոգաբարձութեան քարտուղար Շանթ Եմէնէճեան՝ ուրախութեամբ հաղորդելով, թէ վարժարանը վարկաւորուած է Վարժարաններու եւ համալսարաններու արեւմտեան միութեան կողմէ: Ան նաեւ ողջունեց պատուոյ հիւրերը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, եւ վարժարանէն աշակերտներ կատարեցին «Աշակերտին ուխտը»:
Ճաշէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ Մարշըլ Մուշիկեան խօսեցաւ վարժարանի նիւթական կացութեան մասին եւ նշեց, թէ Սոնա Սարոյեանի անուան հիմնադրամէն 5000 տոլարի նախնական նուիրատուութեամբ մը արդէն իսկ աշխատանք սկսած է վարժարանը կրթական ծրագիրները բարեկարգելու ուղղութեամբ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի գլխաւոր նուիրատուներուն՝ Գըրգ Գըրգորեանի հաստատած ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Տրիմ Ֆանտ»ին, Պըրթա եւ Ճան Կարապետեաններու հիմնարկութեան, Ռաքսի եւ Ազատ Ճոզէֆներու հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիան Էս. Փիթըրզ հիմնարկութեան:
Ապա, ներկաները վայելեցին երգիչ եւ ջութակահար Լուսին Ֆայլոնի կատարումները՝ ընկերակցութեամբ անոր մօր՝ դաշնակահար Սիրարփի Զիրեքեանցի:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեան նախ ներկաներուն ծանօթացուց վարժարանի անձնակազմը, ապա դրուատեց վարժարանի ծնողներուն կարեւոր ներդրումը վարժարանի բարգաւաճման մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Վարդանանց Ասպետներու»ն ու շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին կատարած վերջին նուիրատուութեան համար:
Աւարտին, վարժարանի հոգաբարձութիւնը մեծարեց երկարամեայ հովանաւորներ Փեթ Սեւոյեանը, Ռապըրթ եւ Ճեքսի Մանսէլեանները, Պարեթ եւ Քերոլայն Առաքելեանները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկը համակարգած ու հոգաբարձութեան անդամ Սրբուհի Մսըրլեանը:
Վարժարանին յաջորդ ձեռնարկը «Միջազգային երեկոյ»ն է, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 3ին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 323-1955 թիւին կամ այցելել for www.ckacs.org կայքը: