ՎԵՆ ՆԱՅՍ.- Կիրակի, Ապրիլ 6ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրեց տոքթ. Ռան Սինանեանը: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան արարողութեան: Ս. սեղանին ծառայեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան:
Առ ի գնահատութիւն եկեղեցւոյ երկարամեայ երգեհոնահար տոքթ. Ռան Սինանեանի անձնուէր ծառայութիւններուն, առաջնորդին բարեխօսութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս զինք պարգեւատրեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով:
Շնորհք Ա. քհնյ. ընթերցեց կաթողիկոսին կոնդակը, որմէ ետք առաջնորդը կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, շնորհաւորեց մեծարեալը եւ անդրադարձաւ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:
Նշենք, որ տոքթ. Սինանեան շաբաթը երկու օր ատամնաբոյժի իր կարողութիւններն ու մասնագիտութիւնը կամաւոր կերպով ի սպաս կը դնէ ատամի հարցեր ունեցող մանուկներու: Հակառակ իր բազմազբաղ ժամանակացոյցին եւ աշխատանքին, ան Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մատուցած իր երկարամեայ ծառայութիւններուն կողքին թեմական մակարդակով եւս պարտականութիւններ կը ստանձնէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.