
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 1ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ հնագիտական նոր բացայայտումներուն նուիրուած դասախօսութիւն մը:
Շէնգաւթեան կամ կուր-արաքսեան կոչուող վաղ պրոնզէ դարի մշակոյթը հայկական լեռնաշխարհին մէջ ձեւաւորուած բացառիկ երեւոյթ մըն է, որ տեւած է աւելի քան հազարամեակ մը եւ իր զարգացման գագաթնակէտին ընդգրկած է հսկայ տարածք մը (Հիւսիսային Կովկասէն մինչեւ Պաղեստին, Կեդրոնական Անատոլիայէն մինչեւ Իրանի կեդրոնական շրջանները): Այս մշակոյթի առանցքային յուշարձանը՝ Շէնգաւիթ քաղաքատեղին, կը գտնուի Երեւան, Հրազդան գետի ձախին, բարձրադիր հրուանդանի վրայ (այժմ Երեւանեան լիճի արեւելեան ափին): Շէնգաւիթի մէջ պեղումներ իրականացուցած են Եւգենի Բայբորդեան (1936-38), Սանդրօ Սարդարեան (1958-83), Յակոբ Սիմոնեան (2000-2010) եւ 2012) եւ Հայ-ամերիկեան միացեալ արշաւախումբը (համաղեկավարներ՝ Հ. Սիմոնեան եւ Մ. Ռոթման): Շէնգաւիթը, ի հակադրութիւն արմատացած տեսակէտին՝ եղած է ոչ թէ հասարակ բնակատեղի, այլ կեդրոն մը, որ իր յատկանիշներով համահունչ է «հին արեւելեան քաղաք» հասկացողութեան: Այս տեսակէտը կը հիմնաւորեն 2012ին պեղուած տաճարի շինութիւնը ու յայտնաբերուած գտածոները:
Յակոբ Սիմոնեան Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, պատմական գիտութիւններու եւ արուեստագիտութեան թեկնածու է: Ան 1973ին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժինը, իսկ 1983ին՝ Ս. Փեթերզպուրկի հնագիտութեան հիմնարկը, ուր, 1984ին, պաշտպանած է «Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսարեւելեան շրջաններու միջին պրոնզէ դարի հնագիտական մշակոյթը» ատենախօսութիւնը: Ան հեղինակ է շուրջ 190 գիրքերու եւ գիտական յօդուածներու: 2011ին, անոր շնորհուած է Հայաստանի «Մշակոյթի վաստակաւոր գործի»չ կոչումը եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան «Գարեգին Նժդեհ» շքանշանը: Ան նաեւ դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: