ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Արդէն իսկ կը գտնուինք մեծ Պահոց շրջանի աւարտին եւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9ի առաւօտեան ժամը 10ին, հաւատացեալներու եւ Ֆերահեան վարժարանի 9րդ կարգի աշակերտներու մասնակցութեամբ։
Առաջնորդ սրբազան հայրը կը ներկայացնէր Պօղոս աբղ. Թինքճեանը, որ արարողութեան աւարտին կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւնը։ Ան անդրադարձաւ Պահքի իմաստին եւ որպէս քրիստոնեաներ մեզմէ սպասուածին՝ 40օրեայ այս պահեցողութեան ընթացքին, որ իրականութեան մէջ մեր գործած մեղքերը ճանչնալ եւ զղջումի, խոստովանանքի ու ապաշխարհումի ճամբով զանոնք քաւելն է, որպէսզի Յարութեան տօնին մաքուր եւ անմեղ հոգիով մօտենանք Ս. խորանին։
Արարողութենէն ետք, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի եւ հոգաբարձութեան հետ ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան «Տիգրանեան» սրահ, ըմբոշխնելու համար «վերջին Արեւագալի» աւանդական ճաշկերոյթը՝ պատրաստուած եկեղեցւոյ տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ։ Տէր հօր կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, տիկնանցի ատենապետուհի Նենսի Պետիրեան իր բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով օրուան գլխաւոր նուիրատու Տիգրան եւ Հուրի Պէրպէրեաններուն, «որոնք իրենց զօրակցութեամբ ու Լուսաւորչի կանթեղը վառ պահող նուիրատուութիւններով, արժանի տեղը ունին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մէջ»։
Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք յայտնի կամ անյայտ ձեւերով աջակից են տիկնանցի աշխատանքներուն եւ տարուէ տարի իրենց անուրանալի բաժինը կը բերեն անոնց յաջողութեան։ Ապա ան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին, որ իր շինիչ խորհուրդներով ու քաջալերանքով առանցքն է աշխատանքներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ՝ պատուարժան հոգաբարձութեան եւ ժրաջան ատենապետին, որոնք բարձր կը գնահատեն տիկնանցի աշխատանքը եւ միշտ աջակից են անոնց յաջողութեան։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որոնք տօնական օրերու նախօրեակին, նոյնիսկ Սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն, կը փորձեն մեր աւանդութիւնները վառ պահել իրենց ներկայութեամբ ու զօրակցութեամբ։
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, ներկաները վայելեցին ջութակի մենանուագներ՝ կատարողութեամբ շրջանիս Հայ-ամերիկեան տարեցներու Միութեան վարչութեան ատենապետ Սուրէն Գահուէճեանի եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 6րդ կարգի աշակերտուհի Նանոր Սերայտարեանի, որմէ ետք հոգեւոր հովիւը խօսք առնելով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրէն Գահուէճեանին, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, միշտ պատրաստակամ է մեր հաւաքոյթները ճոխացնելու իր մենանուագներով ու Տարեցներու միութեան անդամները «նախկին երիտասարդներ» որակելու կատակախառն արտայայտութիւններով. ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ փոքրիկն Նանորին, որ «արուեստի նկատմամբ իր ունեցած սէրը վստահաբար զինք պիտի առաջնորդէ բարձր բեմերու»։ Ան փոխանցեց, թէ վերջին Արեւագալի սոյն ճաշկերոյթը աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, սակայն դէպի Լիբանան, Մայրավանք, ճամբորդութեան պատճառով, ան ներկայ չէ այսօր, այնուամենայնիւ՝ մեզի կը փոխանցէ իր բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնները։
Ապա տէր հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ գնահատեց ժրաջան տիկնանց միութեան անդամները, որոնք ատենապետուհի Նենսի Պետիրեանի ղեկավարութեամբ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայծառացման միակ մտասեւերումով է որ աշխատանքները յառաջ կը տանին։
Տէր հայրը իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Նկատի առած, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթիղիկոս 2014ը հռչակած է «Տարեցներու Տարի», եւ ինչպէս սովորութիւն դարձած է, ամէն տարի սոյն ճաշկերոյթին վեհափառին կոչ ուղղած թեմայով կ՛ունենանք դասախօսութիւն մը՝ այսօրուան դասախօսութիւնն ալ նուիրուած է Տարեցներու Տարուան, եւ զայն պիտի նետկայացնէ պրն. Կարօ Պետրոսեանը»։
Ապա ամփոփ գիծերու մէջ, ան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ բազմավաստակ, ուսուցիչ, դաստիարակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացած Կարօ Պետրոսեանը, միաժամանակ մէջբերում մը կատարելով անոր հեղինակած «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տօներ Եւ Ազգային Աւանդութիւններ» հատորին մասին Բիւզանդ Եղիայեանի կողմէ կատարուած գնահատականէն։ «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօնաշարքին մէջ սուրբերու փառաբանութիւնը վերակոչող այս լայնակամար գիրքով, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի պսակաւոր սան՝ դաստիարակ Կարօ Պետրոսեան, շնորհաւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ արդի սերունդներուն, որովհետեւ սուրբերու վարքով ու վաստակով կը մարմնաւորուին ազգին ամէնէն բարձր իտէալները։ Սրբաճակատ հերոսներու պայքարներուն ու պատգամներուն միջոցով կը պայծառանան ազգապահպանման, ընտանեկան եւ ընկերային օրէնքները, մարդկութեան բարոյական սկզբունքներն ու հոգեկան արժէքները։ Ներկայ ժամանակներու մոլորումներով լեցուն այս աշխարհին մէջ, ուրիշ ի՞նչ ներշնչում աւելի կենսատու եւ գօտեպնդիչ պիտի ըլլար՝ քան բարձրացնել ցեղին հոգեւոր ժառանգութեանց յաւերժալոյս ջահը։ Եւ ահա այդ եզական մատուցումն է ըրած արժանընտիր դաստիարակ Կարօ Պետրոսեանը, ոչ պարզապէս նկարագրական ծանօթագրութեամբ, այլ մանաւանդ՝ վերարժեւորումովը եւ արդի աշխարհի կարգուսարքին մէջ կիրարկումովը սուրբերու ուսուցումներուն», ըսուած է գնահատականին մէջ:
Խօսքի աւարտին, տէր հայրը հրաւիրեց Կարօ Պետրոսեանը, որպէսզի Տարեցներու Տարուան առիթով իր դասախօսութիւնը ներկայացնէ։ Նիւթը շահեկան ըլլալով՝ ստորեւ կը ներկայացնենք դասախօսութիւնը ամբողջութեամբ.
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՕՐ՝
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ
Արդէն գիտենք, որ այս տարին՝ 2014ը, Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած է Տարեցներու Տարի։ Այս մասին Կաթողիկոսական հռչակագիր կարդացուած է եկեղեցիներու բեմէն. նաեւ՝ հրաւիրուած է ժողովուրդը, որ տարուան ընթացքին՝ ընտանիքներ, միութիւններ եւ անշուշտ եկեղեցին, մասնաւոր ուշադրութեան նիւթ դարձնեն տարեցները։
Վեհափառ Արամ Ա. հայրապետի այսօրինակ որոշումը անշուշտ բացառութիւն մը չէ ի պատիւ տարեցներուն։ Նախորդող տարիներուն, վեհափառը հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է ընկերային կեանքի նաեւ ա՛յլ արժէքներու վրայ. Մանուկներու Տարի, Մայրերու-Հայրերու Տարի, Դպրոցի, Ուսուցիչի, Հայ Լեզուի Տարի, Գիրքի Տարի եւ այլն։ Այս վերջինին՝ Հայ Գիրքի մասին, պարագայական անդրադարձ մը ունիմ խօսքիս վերջաւորութեան։
Նախ՝ Տարեցներու մասին ընդհանրապէս.
– Եթէ մինչեւ այսօր, արդէն, մենք ազգովին ճիշդ ու արդար հատուցում, ուշադրութիւն ու պատշաճ յարգանքը տուած չենք տարեցներուն, ապա կը նշանակէ, որ իբր քաղաքակիրթ, մշակուած ժողովուրդ՝ թերացած ենք բնական նկատուող մեր պարտաւորութեանց մէջ։
– Տարեցները պատուելը մաս կը կազմէ հասարակական կեանքի մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան չգրուած այնպիսի օրէնքներուն, ինչպիսին են օրինակ նախամեծարութիւնը տիկիններուն, օրիորդներուն կամ մասնաւոր խնամքն ու սէրը մանուկներուն։
Յատուկ ուշադրութիւնը տարեցներուն, այսօր ամէն ոք կը զգայ, նաեւ կը հաստատէ, որ քաղաքակրթութեան օրինաչափ յատկանիշ է, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Սակայն, այն պէտք չէ բխի միայն բարոյական հասկացողութենէ, պէտք է, այս պարագային, ընկերութեան մէջ գերակշռէ այլ արժեչափեր եւ գործօններ եւս, որոնց մէջ յատկապէս՝ փոխադարձ իրաւունքի հասկացողութիւնը։
– Տարեցը նուազագոյնը 45-50 եւ երբեմն ալ 60-70 տարիներ գործած վաստակաբեկ անձ է, ըլլայ այր թէ կին, մեծ հայր կամ մեծ մայր։ Ան տուած է իր կարելին, սպառած է կենսունակութիւնը, տարած է պայքար, շինած է տուն, որոշ հարստութիւն, ապահոված եւ նպաստած է ոչ միայն ընտանիքի անդամներու բարեկեցութեան, անոնց բարենպաստ ապագային, այլեւ՝ կարելի սահմաններուն մէջ օգնած է նաեւ այն միւս մեծ ընտանիքին, որ եկեղեցին է, ազգն է եւ հայրենիքը…
Ընդունինք, որ կեանքի այս հոլովոյթը որոշ չափով ընդհանրական է բոլոր ժողովուրդներուն մօտ. բայց մեր մօտ՝ մեղանչած պիտի ըլլանք, եթէ մենք, այ՛ս սերունդի տարեցները չզանազանենք աշխարհի այլ ազգութիւններու տարեցներէն։
– Մեր տարեցները, մանաւանդ այս ժամանակներու տարեցները, եթէ չտեսան 1915ի դժոխային օրերու տարիները, ապա անպայման որ ապրեցան անոնց արհաւրալից հետեւանքները, անմարդկային եւ անասելի դառնութիւնները։
Ինչե՜ր ըսէք, որ չտեսան անոնք՝ տարեց նկատուող այս սերունդը՝ ե՛ւ այրեր, ե՛ւ կիներ։ Իբրեւ Ցեղասպանութեան սերունդի ժառանգորդներ՝ երկու-երեք տասնամեակներ ետք, ապրեցան Երկրորդ Համախշարհային պատերազմի դառնութիւնները, կրեցին անոր աւերիչ հետեւանքները, անգամ մը եւս ապրեցան աղքատութիւնը, չքաւորութիւնը, գաղթականութիւնը, տեսան կոմունիզմի չարիքը։ Եւ ոչ միայն այդքան, այնուհետեւ նաեւ քանի՜-քանի՜ Միջին Արեւելեան երկիրներու յեղափոխութիւններ, պատերազմներ…
Քանի անգամ ստիպողական տեղափոխութիւններ դէպի նոր ու անծանօթ հորիզոններ, նոր պայմաններու բերումով՝ նոր գաղթականութիւն դէպի անծանօթ երկիրներ, յարմարուելու համար տարբեր ազգութիւններու կեանքին՝ տարբեր լեզուներով, տարբեր բարքերով եւ տարբեր մշակոյթով։
Եւ տրուած պայմաններուն մէջ, դուք հաշուեցէք քանի անգամ բոյն կորսնցնել, նոր բոյն շինել եւ ապա՝ գերագոյն կարելին ի գործ դնել՝ նոր սերունդը հայեցի կրթութեամբ ու մասնագիտութիւններով օժտելու։ Տակաւին չեմ խօսիր հաւաքական այն միւս ճիգերուն եւ զոհողութիւններով իրագործումներուն մասին, զորս կը վայելենք եւ նոր սերունդը կը վայելէ հաւաքաբար. հայ դպրոց, եկեղեցի, կազմակերպուած համայնք, միութիւններ… բոլորին ալ մէջ տարեցներու անցեալի մասնակցութիւն՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով։
Կեանքը մեծ մասամբ ապրելէ, բազում փորձառռւթիւններէ անցնելէ ետք կեանքի մէջ, ընդհանրապէս ի՞նչ առաւելութիւններ ապահոված կ՛ըլլան տարեցները.
Ընդհանուր համոզում է, որ անոնք կ՛օժտուին՝
– Խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ. յատկանիշներ՝ որոնց իրա՛ւ առկայութեամբ, Աստուածաշունչին մէջ յաճախ կը տեսնենք, որ Աստուած կը յարաբերի անոնց հետ։
Աւելցնենք՝
– Խաղաղասիրութիւնն ու հաշտութիւնը.
Եւ ի վերջոյ, շեշտուած՝
– Հաւատքը առ Աստուած եւ սէրը մարդուն նկատմամբ, իբրեւ տիեզերական ճշմարտութիւն, ճանապարհ ու կեանք։
Սիրելի ներկաներ,
Մեր ժամանակներու այս տարեցները, տրուած պայմաններուն մէջ, անշո՛ւշտ արժանի են նկատել Եզակի Սերունդ։ Փաստօրէն, մաշեցնող պատերազմէ մը անիկա դուրս եկած է պատուով։ Իւրաքանչիւրը ապրած է հերոսական անցեալ. յաղթական է ոչ միայն իբրեւ մարդ, այլ մանաւանդ իբրեւ հայ մարդ, որովհետեւ իրեն հետ կենդանի պահած է նաեւ Մաշտոցեան աւանդը՝ մայրենի լեզուն, նուիրական եկեղեցին, մեր աւանդութիւնները եւ կարօտն ու ոգին հայրենի օճախին։
Քիչ առաջ ակնարկեցի հայ գիրքին մասին, որուն փառքին վեհափառ հայրապետը տարի՛ յատկացուցած էր։
Տեղին կը գտնեմ մասնաւորել, որ ներկայի մեր տարեցներէն իւրաքանչիւրը՝ ապրող բայց չգրուած գիրք մըն է, արդի հայոց պատմութիւն, ոդիսական վէպ, որուն մէջ ինք հերոսն է կամ հերոսուհին, որ բոլոր տեսակի դժուարութիւններէ, ապրած կեանքի ալեկոծութիւններէ ետք՝ դուրս եկած է ճակատը բարձր, պատուաւոր եւ յաղթական։ Առ այդ՝ ինչպէս, որ գիրքը կը նկատուի մարդուն լաւագոյն ընկերը, օգտակար եւ անխարդախ ուղեկիցն ու խորհրդատուն, պէտք է այդպէս ալ ընկալել մեր երէցները եւ հատուցել մեր սրտի պարտքը անոնց նկատմամբ։
Այս առթիւ, իմ խօսքը աւարտելէ առաջ, ես պիտի ուզէի երկու խօսք ալ արտայայտել իրե՛նց կողմէ։
– Թէ՝ կեանքը մեծ մասամբ ապրելէ ետք, ի՞նչ հիմնական զգացումներ եւ թելադրանքներ՝ իրենց փորձառութենէն.
– Այդպիսի որոշ միտքեր, ես ձեզի պիտի փոխանցեմ մեր ժամանակներու մեծանուն բանաստեղծ Համօ Սահեանի միտքերէն՝ ընթերցելով միայն քանի մը դիպուկ հատուածներ իր քերթուածներէն։
Համոզուած եմ, որ անոնք՝ այդ միտքերը, հարազատ թարգմանը պիտի ըլլան տարեցներու ապրումներուն։
Տարեցները՝ իրենց ինքնագոհութեան մասին
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ՔԵԶԱՆԻՑ ԻՄ ՍԻՐՏ
Շնորհակալ եմ քեզանից, իմ սի՛րտ,
Որ դիմացել ես այսքան ցաւերի,
Վիհեր ես անցել անանցանելի
Եւ կանաչել ես ժայռերի մէջ բիրտ։
Շնորհակալ եմ քեզանից, իմ սի՛րտ,
Որ դեռ կարող ես արտասուել սրտանց,
Կարող ես սրտի խօսք ասել մարդկանց
Եւ տանել յօժար
Նրանց հոգսերի ծանրութիւնն ուսիդ։
…
Շնորհակալ եմ քեզանից, իմ սի՛րտ,
Որ կարողացար դու այսքան տարի
Բարուն հաւատալ ու մնալ բարի,
Չարի դէմ լինել անողոք ու բիրտ…
Շնորհակալ եմ քեզանից, իմ սի՛րտ։
Մտածումներ ու սէր՝ մարդուն նկատմամբ
ԴՈՒՔ ԼԱՒՆ ԷՔ ՄԱՐԴԻԿ
Աշխարհում միշտ բաց են եղել
Դռներս կրնկի վրայ…
Ելնողին չեմ ասել՝ արի՛,
Մտնողին չեմ ասել՝ գնա՛։
Իմ ձեռքին ինչ որ ունեցել,
Բոլորը բաշխել եմ ձրի,-
Ե՛ւ հացի պատառը վերջին,
Ե՛ւ վերջին կաթիլը ջրի։
…
Թէ մէկից բան եմ խնայել,
Իմ ցաւն եմ խնայել մենակ։
Բաշխել եմ, ինչ որ աշխարհում
Տրւում է միայն մի անգամ,
Ու որքա՛ն առատ եմ բաշխել…
…
Որքան էլ ինձնից հեռացել,
Դուք ինձ միշտ եղել էք մօտիկ,
Մարդի՛կ, ինձ շատ էք չարչարել
Բայց էլի դուք լաւն էք, մարդի՜կ։
…
Ասում եմ որերո՞րդ անգամ՝
Առանց ձեզ ոչ միայն ապրել,
Ես մեռնել չեմ կարող անգամ։
Վերջապէս՝ այն, ինչ պիտի ուզէր տարեցը՝ Բաղձանք-Փափաք…
Ի՞ՆՉ Կ՛ՈՒԶԵՆԱՅԻ
Ի՞նչ կ՛ուզենայի… Ես կ՛ուզենայի,
Որ մարդիկ իրար լաւ հասկանային…
Որ մարդիկ իրար լաւ հաւատային,
Որ իրարից լոյս առնէին նրանք
Եւ աստղերի պէս իրար լոյս տային։
Ես կ՛ուզենայի,
Որ մարդիկ իրար շատ վստահէին,
Որ գլխի վրայ պահէին իրար,
Ուսերի վրայ իրար պահէին…
Ես կ՛ուզենայի,
Որ չարհամարհէր զօրեղն անճարին…
…
Նուազագոյնը ես կ՛ուզենայի,
Թող գէթ մի՜ օրով
Չզգայի այրող ցաւերն աշխարհի,
Եւ այնպէս լինէր,
Որ գէթ մի՜ օրով չզգալն զգայի…
Կ՛ուզեմ, որ տարեցները իրաւունք տան ինծի երախտագիտութիւն յայտնելու վեհափառ հայրապետին, իրենց նկատմամբ ուշադրութեան համար, եւ նաեւ շնորհակալութիւն՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց օժանդակ մարմինին՝ այս պահը կազմակերպելնուն համար։