– «Կրուզիա Անլայն»ը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին որդեգրուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, թէ նախարարները պատրաստ են Վրաստանի հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրին վերջնական ձեւ տալու՝ ամենականուխ առիթով: «Եւրոմիութիւնը անգամ մը եւս կը հաւաստէ Վրաստանի եւ Մոլտովայի հետ քաղաքական ընկերակցութիւնը եւ տնտեսական համարկումը զօրացնելու իր նպատակը: Մեր նպատակը ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումն է 2014ի Յունիսէն ոչ ուշ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
– Իրենց զաւակներուն հետ բնակող սպիտակամորթ հայրերուն 28 տոկոսը կ՛օգնէ իր զաւակներու տնային պարտականութեանց, մինչ սեւամորթներու պարագային՝ այդ համեմատութիւնը 41 տոկոս է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.