
ՊՈԼԻՍ.- Ապրիլ 24ին ընդառաջ, Թուրքիոյ երկլեզու (հայերէն եւ թրքերէն) «Ակօս» շաբաթաթերթի նախաձեռնութեամբ, սփիւռքահայ մտաւորականներ նամակներով դիմած են Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին:
«Ակօս»ի դիմումին պատասխանած են 16 յայտնի սփիւռքահայեր, որոնց պապերու եւ տատիկներու հայրենիքն է Մարաշը, Ատըեամանը, Արաբկիրը, Տերսիմը, Տիգրանակերտը, Վանը, Սվասը, Մերսինը, Քիլիսը, Էրզրումը, Կեսարիան, Այնթապը եւ Ուրֆան։
Ստացուած նամակներու հասցէները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ եղած է Ցեղասպանութեան հետեւանքը, որովհետեւ անոնք կու գան Թորոնթոյէն, Սթոքհոլմէն, Լոս Անճելըսէն, Պէյրութէն, Մարսէյէն, Նիւ Եորքէն, Փարիզէն, Պուէնոս Այրեսէն, Քուէյթէն եւ Հալէպէն:
Դիմումին պատասխանածներէն մէկն էր աշխարհահռչակ երգիչ Սերժ Թանքեանը: Ցեղասպանութենէն փրկուած մեծ հօր թոռնիկը, որ Պէյրութ ծնած է, ներկայիս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին կողքին պայքար կը տանի ամերիկեան իրաւական համակարգին մէջ՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան եւ շարք մը այլ հարցերու ի նպաստ: Թանքեան նաեւ կ՛աջակցի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կառուցման համար պայքարող խումբերուն։
«Ինծի հետ իրենց պատմութիւնները կիսած եւ անոնց միջոցով իրական արդարութեան համար աշխատելու ուղղութեամբ ինծի յոյս ներշնչած հրաշալի մարդկանց շնորհակալութիւնս յայտնել կ՛ուզեմ։ Կը փափաքիմ, որ թուրք ժողովուրդը կարենայ գտնել իր իսկական ինքնութիւնը», գրած է Թանքեան իր նամակին մէջ։
Քանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան ծնած է Գահիրէ ու ընտանիքին հետ գաղթած է Քանատա: Մրցանակներ շահած անոր «Արարատ» ֆիլմին միջոցով, աշխարհի եւ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան թեման անգամ մը եւս օրակարգ եկած էր 2002ին։ «Ձեր պետութեան կատաղի մերժումէն յոգնած եմ: Կեանքը շարունակել չուզելէն յոգնած եմ։ Սակայն երբ անոր դիմաց կը տեսնեմ նաեւ այլընտրանքը, այդ յոգնութիւնը ընդունելէն բացի այլ ելք չի մնար», թուրքերուն դիմելով՝ գրած է ան։
Մեսեչուսեցի հայ համայնքէն ներս մեծցած Նենսի Գրիգորեանի առաջին վէպը՝ «Զապէլ»ը, լոյս տեսած էր 1998ին: Անիկա Ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհիի մը պատմութիւնն էր։ Իր նամակին մէջ, Նենսի Գրիգորեան գրած է, թէ ներողութիւն լսել չի ցանկար։ «Թուրքիա բնակող ժողովուրդէն ներողութիւն լսել չեմ ուզեր, բայց կ՛ուզէի, որ պատասխանէին այս հարցումին. «Հայերը յարգանքէն, հաւասարութեան իրաւունքէն ու արդարութենէն զրկելը ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ»։
Թուրքիոյ նամակ գրած անուններու շարքին են գրող, նկարիչ, դերասան ու բեմադրիչ Վահէ Պէրպէրեան, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեան, արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան, ակադեմիկոս Աշոտ Բագրատունի, բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեան, գրող Վալերի Թորանեան, բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, գրող Միշլին Ահարոնեան-Մարքըմ, գրող Աւետիս Հաճեան, բանաստեղծ Անիա Կարէն Հաճեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ Թորոս Թորանեան։