
ՍԻՏՆԻ.- «Արմէնիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութիւնը ունեցաւ իր անդրանիկ աշխատակազմը յանձինս Ներսէս Պալիօզեանի՝ վարիչ խմբագիր, եւ Քարոլին Կիրոյեանի՝ անգլերէն լեզուի խմբագիր:
Ներսէս Պալիօզեան, 25 տարեկան, Աւստրալիա փոխադրուած է Հալէպէն, ունի հարուստ փորձառութիւն գաղութային եւ միութենական կեանքէն ներս: Ան, Հալէպի մէջ, աւարտած է հաղորդակցական միջոցներու երկրաչափութեան բաժինը եւ ներկայիս կը շարունակէ իր ուսումը Աւստրալիոյ մէջ:
Քարոլին Կիրոյեան, 25 տարեկան, ՀԱՍԳ ճեմարանի շրջանաւարտ: Աւարտած է «Մաքուարի» (Macquarie) համալսարանի հաղորդակցական եւ մշակութային ուսումնասիրութիւններու բաժինը: Ներկայիս ան կը հետեւի լրագրութեան մասնագիտութեան՝ Աւստրալիոյ UTS համալսարանին մէջ: Փոքր տարիքէն ան իր մասնակցութիւնը բերած է աւստրալահայ գաղութի կեանքին մէջ:
«Արմէնիա Մետիա» ընկերակցութեան խնամակալ կազմի տնօրէն Գայլար Միքայէլեան շատ հպարտ էր, որ նման փորձառութիւն ունեցող անձեր նշանակուած են առաջնորդելու «Արմէնիա Մետիա»ի հսկայ ծրագիրը:
«Արմէնիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութիւնը կազմուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ Յունուար 2014ին: Պաշտօնական արձակումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Մայիսին: