Արամ Ա.ի Պատասխանը Էրտողանին
Կարդացինք Ապրիլ 24ի առիթով Թուրքիոյ վարչապետին «պատգամը»՝ ուղղուած հայութեան: Արդարեւ, պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ, պատերազմի հետեւանքով պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ՝ ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ, բառին իրաւական ու քաղաքական հասկացողութեամբ. Ցեղասպանութիւն՝ կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ, Թալէաթ Փաշաներու ու Էնվերներու կողմէ իմ նախահայրերուս դէմ: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն ու բարոյախօսութիւն չէ որ կը սպասէ Թուրքիոյ պետութենէն, այլ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը կը պահանջէ:
Հայ Դատի Պատասխանը Օպամային
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը՝ Ցեղասպանութեան մասին ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի ուղերձին առնչութեամբ:
««Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի օր» արտայայտութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Օպաման կը խուսափի կատարուածը Ցեղասպանութիւն որակելէ: Շատ ցաւալի է, որ նախագահ մը, որ խոստացած էր պաշտօնի վրայ գալով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հիմա խոստումէն ետ կը կանգնի», իր հիասթափութիւնը յայտնած է Արամ Համբարեան:
«Փաստը կը մնայ փաստ. որեւէ բարելաւում հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ, կը պահանջէ, որ Անգարան վերջ դնէ իր ժխտողական քաղաքականութեան, ստանձնէ բարոյական եւ նիւթական պատասխանատուութիւն՝ ամբողջ մարդկութեան առջեւ կատարած իր անպատիժ մնացած յանցագործութեան համար», շեշտած է Համբարեան: