ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մինսկ չէ գացած՝ «Մաքսային Միութեան երկիրներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին գծով ունեցած դիրքորոշումներուն պատճառով»։ «Ռեգնում» լրատու գործակալութեան այս մասին յայտնած է իշխանութիւններուն մօտիկ աղբիւր մը, որ դիտել տուած է, թէ 29 Ապրիլին Մինսկի մէջ տեղի ունեցող Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը այդ պատճառով ներկայ պիտի չըլլայ։ Յատուկ կերպով կ՛ընդգծուի կեցուածքը Ղազախստանին, որուն նախագահը՝ Նորսուլթան Նազարպաեւը նախորդ տարուան 24 Դեկտեմբերին յայտարարած էր, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով Ղազախստանը յատուկ կարծիք ունի՝ ՄՄին Հայաստանի միանալու վերաբերեալ»: Իսկ նախապէս Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենքօն դիտել տուած էր, թէ՝ «Մաքսային միութեանը Հայաստանի անդամակցութեան հարցը քննարկելու ատեն շատ կարեւոր է լսել նաեւ Ատրպէյճանի կարծիքը»: Աղբիւրը «Ռեգնում»ին յայտնած է, որ 29 Ապրիլին տեղի ունեցող գագաթաժողովին Հայաստանի չմասնակցիլը որոշուած է՝ «համընդհանուր համաձայնութեամբ», քանի որ՝ «Մաքսային միութեան երկրները տարակարծիք են միութեան հետագայ ընդլայնման եւ գործառոյթների հարցերում»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.