
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23ի երեկոյեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի տարիներու սովորութեան համաձայն տեղի ունեցաւ միացեալ Ս. պատարագ, մասնակցութեամբ Հայաստանեայց առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն։
Կլենտէլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու բազմութեամբ, աղօթելու եւ յարգելու համար յիշատակը մեր նահատակներուն, որոնք զոհ գացին Հայոց Ցեղասպանութեան։
Պատարագը մատուցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան։ Պատարագին ներկայ էին նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, Ազգային վարչութեան ու հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ։
Քարոզի պահուն, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. խորան բարձրանալով՝ բարի գալուստի խօսք արտասանեց ներկայ հոգեւոր, ազգային ու քաղաքական ներկայացուցիչներուն, որմէ ետք հերթաբար հրաւիրուեցան Կլենտէլի Ս. Երրորդութիւն Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ՝ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանն ու պատարագիչ սրբազան Յովնան արք. Տէրտէրեանը, որպէսզի իրենց սրտի խօսքերը ուղղեն ներկայ բազմութեան։
Իւրաքանչիւրը իր կարգին ողջունեց հաւատացեալները՝ վեր առնելով Ապրիլեան նահատակներու յիշատակը եւ շեշտելով Քրիստոսի յարութեան իրողութիւնը, որ ինքնին յոյս կը ներշնչէ մեր ժողովուրդին շարունակելու մեր երթը դէպի Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում։
Սրտի խօսքերէն ետք, առաջնորդ Մարտիրոսեան փոխանցեց Ապրիլեան պատգամը՝ նախ եւ առաջ փառք ու գոհութիւն յայտնելով ամենակալ Աստուծոյ այն բանին համար, որ իբրեւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդ, հաւատարմօրէն կը շարունակենք ոգեկոչել մեր նահատակներուն յիշատակը, որպէս յարուցեալ ժողովուրդի զաւակներ։ Սրբազանը շեշտեց. «Բայց մենք չընկանք, մենք յարութիւն առինք եւ միշտ կանք, որովհետեւ հայ ազգը միշտ փարած մնաց իր հաւատքին ու հայրերու ուսուցումներուն։ Աւարայրէն մինչեւ այսօր, հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ու տակաւին կ՛ենթարկուի անհամար դժբախտ օրերու, սակայն մահը երբեք չէ կրցած ընկճել հայուն վերապրելու պայքարի ոգին։ Ան անդրադարձաւ տակաւին վերջին ամսուան դժբախտութեան, որուն ենթարկուեցաւ քեսապահայութիւնը՝ տեղահան ըլլալով իր պապենական հողէն, դարձեալ թուրք պետութեան հակահայ քաղաքականութեան արդիւնքով»։
Սրբազանը ներկաներուն յիշեցուց Քրիստոսի խօսքը, զոր մեր նահատակները լաւապէս ըմբռնած էին. «Մի վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել»։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անկախ հայրենիքով, Արցախով եւ Սփիւռքի մեր կառոյցներով, հաւատարմօրէն կը պաշտպանենք մեր արդար Դատը։
Սրբազանը նաեւ մէջբերեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը՝ ըսելով. «Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է…»։ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք մարդկային իրաւանց իբրեւ անկեղծ ջատագովներ՝ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն հերթը Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեանն է հիմա։ Ան վստահեցուց հաւատացեալ բազմութեան, թէ պիտի գայ ժամանակը Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ նոյնինքն ցեղասպան թուրքիոյ կողմէ, սակայն միայն ճանաչումը բաւարար չէ. մենք պիտի պահանջենք մեր պապենական հողերը, ազգապատկան թէ անհատական կալուածները, մեր վանքերն ու եկեղեցիները եւ նահատակներու արեան գինը։ Սրբազանը շեշտեց, թէ ճանաչումին պէտք է յաջորդէ հատուցում, ուստի մենք՝ հայորդիներս, պէտք է յիշենք մեր նահատակները, յիշեցնենք աշխարհին ու պահանջենք արդար հատուցում։
Իր պատգամի աւարտին, սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ պահպանէ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը, խաղաղութիւն պարգեւէ Սուրիոյ եւ մեր քեսապցի ազգակիցները անյապաղ վերադառնան իրենց օճախները ու շէնցնեն պատմական Քեսապը։ Ապա պատարագը շարունակուցեաւ եւ հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան։
Պատարագի աւարտին, հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալ բազմութիւնը ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ մուտքին կառուցուած Նահատակաց յուշարձան-խաչքարը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Ապրիլեան նահատակաց 99րդ տարելիցի յիշատակումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, «Էջմիածին Ի Հօրէ» շարականով եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով։