
ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան, աքսորի մէջ ապրող թուրք մտաւորական եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն քանի մը օրուան համար գտնուեցաւ Մոնթէվիտէօ եւ մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգւոյն:
Ուրուկուէյի խորհրդարանին կից նոր շէնքի գլխաւոր սրահի մէջ Զարաքօլու տուաւ դասախօսութիւն մը, զոր հովանաւորեց մեր երկրի Մարդու իրաւունքներու ազգային հիմնարկը:
Զարաքօլու նախ պատմական ակնարկով մանրամասնութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման օրէն մինչեւ մեր ժամանակները, մարդու իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած հազարաւոր ոտնահարումներու, որոնց ենթարկուեցան հարիւր հազարաւոր այլազգի եւ թուրք քաղաքացիներ, չարչարանքներու սպանութիւններու, հալածանքներու եւ աքսորի:
Զարաքօլու պատմեց, թէ ինչպէս ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, երբ իբրեւ քաղաքական բանտարկեալ, իր խցիկին մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալ մը իրեն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ցեղասպանութեան մասին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ իր մէջ յեղաշրջում կատարուի եւ խորապէս ուսումնասիրէ իրեն անծանօթ ողբերգութիւնը:
Զարաքօլու դասախօսութեան եզրափակիչ բաժինին մէջ, առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն պէտք է միջագային ընտանիքը դատապարտէ այլեւ ճնշում բանեցնէ թուրք իշխանութիւններուն վրայ, անոր հետեւանքով հայ բնակչութեան հատուցում կատարելու, որ միակ ճանապարհը կը հանդիսանայ, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ բացուած վիհը վերանայ՝ խաղաղ եւ ապահով կեանք մը հաստատելով»:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ
Կիրակի, 27 Ապրիլին Զարաքօլու ներկայ գտնուեցաւ մեր նահատակներու հոգւոյն մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջաբակը գտնուող Մեծ Եղեռնի յուշարձանին մօտ բազմահարիւր մեր հայրենակիցներուն հետ ծաղիկ մը զետեղեց եւ խոնարհեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն: Զարաքօլույին կ՛ընկերակցէր քիւրտ մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ Մեհմետ Տողան: