ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքի հայ համայնքի երտասարդները առաջին անգամն ըլլալով այս տարի, Ապրիլի 24ին երթ կազմակերպեցին քաղաքի կեդրոնէն դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն:
Երթին մասնակցեցան շուրջ 500 անձեր: Ցուցարարները երգեցին հայրենասիրական երգեր, ծածանեցին եռագոյնը եւ բողոքի բազմաթիւ պաստառներով 2 ժամ անընդմէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ պահանջեցին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ վերականգնել արդարութիւնը, այնուհետեւ երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Սթրազպուրկի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր ելոյթ ունեցան պաշտօնեաներ, որոնց կարգին քաղաքապետը, որոնք նաեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անծանօթ զինուորի արձանին դիմաց:
Հայ երտասարդներուն միացան նաեւ Քիւրտ ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.