
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
29րդ անգամն ըլլալով Վարդանանց ասպետներու եղբայրակցութիւնը կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան տարեդարձը Նիւ Եորքի սիրտին վրայ եղող «Թայմզ Սքուեր»ին վրայ: Արդէն աւանդութիւն դարձած այս հաւաքը իրարու քով կը բերէ ազգային մեր կարեւոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ու հայութիւնը:
Ապրիլ 27, 2014, Կիրակի օր կէսօրէն ետք ժամը 2էն սկսեալ այս մեծ ոստանի նշանաւոր հրապարակը ժամադրավայրն էր Մեծագոյն Նիւ Եորքի պահանջատէր եւ ազգային գիտակցութիւն ունեցող հայորդիներուն, որոնց թիւը կը հասնէր 2500ի: Շրջանի հայկական կեդրոններէն ու եկեղեցիներէն պասերով խումբ առ խումբ եկած էին ամէն տարիքի մեր հայրենակիցները: Դժբախտաբար, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով բացակայ էին վերապրողները, որոնք հայկական ծերանոցներու իրենց սենեակներէն հեռատեսիլով հետեւեցան հանդիսութեան յայտագիրին, խոստանալով՝ յառաջիկայ տարի Մեծ Եղեռնի դարադարձին անպայմանօրէն ներկայ գտնուիլ Նիւ Եորքի այս հրապարակը:
Յիշատակումը եղաւ այս հաւաքը կազմակերպող առաջին ու երկարամեայ ատենապետին՝ Սեմ Ազատեանին, որ կրցած էր ժամանակին արտօնութիւն ստանալ քաղաքապետարանէն կազմակերպելու համար Ցեղասպանութեան նուիրուած այս հանրային բողոքի ցոյցը:
Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Քընեքթիքըթ համալսարանի նախագահ դոկտ. Մերի Փափազեան եւ իրաւաբան Արմէն Մքքամպըր: Պետական զոյգ հիմները նուագեց «Արենի» նուագախումբը: Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը:
Այս տարի եւս յիշատակումի այս հաւաքին բերին հայ ժողովուրդի արդար դատին հաւատացող ամերիկացի քաղաքական դէմքերը՝ ծերակուտականներ Չաք Շումըր (Նիւ Եորքէն) եւ Ռապըրթ Մենետեզ (Նիւ Եորքէն, որ Ամերիկայի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց եանձնախումբի որպէս ատենապետ ան եաջողած էր Ցեղասպանութէան բանաձեւը ընդունիլ տալ Ամերիկայի զոյգ կուսակցութէանց անդամներուն եւ զայն յանձնել Ծերակոյտին՝ քուէարկութեան համար): Խօսք առին նաեւ Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ Ֆրանք Փըլլոն (Նիւ Ճըրզիէն, որ Տան Հայկական քաքըսի համաատենապետն է եւ մեր իրաւունքները պաշտպանող գլխաւոր պետական քաղաքական անձնաւորութիւնը), Քարոլայն Մըլլոնի (Նիւ Եորք), Էլիըթ Էնկըլ (Նիւ Եորքէն, որ նոր կը վերադառնար Հայաստանէն, ուր ներկայ գտնուած էր Ցեղասպանութեան յիշատակութեան եւ խոնարհելով ծաղիկ զետեղած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առաջեւ) եւ Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքապետարանի անդամ Փօլ Վըլոն: Խօսք առաւ նաեւ «Ճուիշ Փրէս»ի ազդեցիկ թերթի խմբագիրը Սիւզըն Ռոզընպլաթ, որ ազդու կերպով արդարութիւն պահանջեց թուրքերէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առին ազգային մեր կազմակերպութիւններէն՝ դոկտ. Տենիս Փափազեան (Վարդանանց ասպետներ), Լիսա Գրաճեան (Աւագ տիրուհի Դստերք Վարադանանցի), Ալեքս Կարապետեան (Ամերիկայի Ազգային Համագումար), Քիմ Եագուպեան (ՀԲԸՄ), տոքթ. Վաղինակ Դարբինփան (ՌԱԿ), Աճէմեան (ՍԴՀԿ), Անահիտ Ուղուրլեան (ՀՅԴ) եւ երիտասարդութեան անունով՝ Աննա Մարի Տատեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Լոս Անճելըսէն ծանօթ երգիչ Ար-Մին:
Հուսկ խօսք առաւ ու փակման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան:
Շնորհաւորելի է կազմակերպիչ յանձնախումբին կատարած աշխատանքը եւ մասնաւորաբար ատենապետին՝ Հրանդ Կիւլեանին եւ փոխատենապետին՝ Տիգրան Սարգսեանին մեծ ներդրումը այս գործի յաջողութեան մէջ: