Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեզ գործի կը կանչէ՝ յանուն Արցախի անկախութեան ճանաչման:
Գործ մը, որ բոլորս ալ կրնանք ընել: Գործ մը, որ կրնայ այնքա՛ն դիւրին ու սովորական թուիլ, բայց կրնայ անկիւնադարձային յաջողութիւն մը ապահովել մեր սիրելի Արցախի միջազգային ճանաչման ճանապարհին:
Մայիս 5ին, Երկուշաբթի օր, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Կանոնադրութեան յանձնախումբը պիտի քննարկէ իր օրակարգին վրայ դրուած Արցախի անկախութեան ճանաչման օրինագիծը, որ եթէ հաստատուի՝ ապա երեք օր ետք՝ Մայիս 8ին, պիտի դրուի ամբողջ խորհրդարանին (California Assembly) առջեւ՝ առ ի քննարկում եւ վաւերացում: Քննարկուող բանաձեւ-օրինագիծը նաեւ կը նախատեսէ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ դիմում մը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, ճանչնալու համար Արցախի անկախութիւնը:
Ուրեմն՝ երկու փուլով աշխատանք կը սպասէ մեզի: Նախ՝ եկէք առաջին հանգրուանը պատուով աւարտենք ու ապահովենք Կանոնադրութան յանձնախումբին կողմէ հաստատուիլը, ապա՝ կ՛անցնինք երկրորդին:
Մեզմէ սպասուած աշխատանքը. հեռաձայնել կամ գրել կանոնադրութեան յանձնախումբի անդամներուն եւ իրենց փոխացնել մեր ակնկալութիւնը՝ դրական քուէարկել ինքնորոշուած Արցախի անկախութեան ճանաչման:
Այսքան դիւրին, այսքան պարզ, բայց եւ՝ անչա՛փ կարեւոր:
Բանաձեւի թիւը՝ AJR 32:
Եթէ համակարգիչի օգտագործումը մատչելի է ձեզի, ապա առաջին հերթին՝ այցելեցէք https://www.facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը, ուր յստակ ցուցմունքներ կը տրուին ձեր յաջորդ քայլերուն մասին:
Հեռաձայնելու համար, ստորեւ կու տանք ցանկը Կանոնադրութեան յանձնախումբի անդամներուն՝ համապատասխան հեռաձայնի թիւերով.
Richard Gordon (Chair)՝ (916) 319-2024
Scott Wilk (Vice Chair)՝ (916) 319-2047
Cheryl Brown՝ (916) 319-2047
Rocky Chոvez՝ (916) 319-2076
Matthew Dababneh՝ (916) 319-2045
Lorena Gonzalez՝ (916) 319-2080
Curt Hagman՝ (916) 319-2055
Adrin Nazarian՝ (916) 319-2046
Bill Quirk՝ (916) 319-2020
Sebastian Ridley-Thomas՝ (916) 319-2054
Marie Waldron՝ (916) 319-2075
Ken Cooley (Dem. Alternative)՝ (916) 319-2008
Frank Bigelow (Rep. Alternative)՝ (916) 319-2005
Հեռաձայնեցէ՛ք եւ պատգամ թողեցէ՛ք: Պատգամը յստակ թող ըլլայ: Կողմ քուէարկելու պահանջ՝ AJR 32ին: Տուէք ձեր անունը եւ ազգանունը:
Երրորդ գործ մըն ալ կրնաք ընել: Գործի լծեցէք ձեր շրջապատը, ընկերները, ազգականները:
Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձին ի՛նչ հրաշալի նուէր կրնայ ըլլալ այս օրինագիծի վաւերացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.