ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Prime Healthcare Management, Inc., որ մաս կը կազմէ Prime Healthcare Services կազմակերպութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հիւանդանոց տնօրինող ամէնէն մեծ ընկերութիւններէն մէկն է, Միացեալ հայկական ֆոնտի համագործակցութեամբ, 2 միլիոն տոլար արժողութեամբ բժշկական սարքաւորում նուիրած է Հայաստան եւ Արցախ գտնուող հիւանդանոցներու։
Նպաստը կը բովանդակէ հարիւրաւոր իրեր, ներառեալ՝ հիւանդանոցի անկողիններ, հիւանդներու վիճակահսկիչներ, նեարդաւորիչներ (defibrillators), մուծիչ գործիքներ, սննդային ներարկիչներ եւ կեանք փրկող բժշկական անհրաժեշտ զանազան սարքաւորումներ։
«Այս նպաստը առաջինն է շարք մը նուիրատուութիւններու, որոնց ընդհանուր գումարը պիտի հասնի հինգ միլիոն տոլարի», յայտնեց Մայքըլ Սարեան՝ Prime Healthcare Management-ի Հիւանդանոցային գործառնութիւններու նախագահը: Prime Healthcare Management-ը հիւանդանոցներու տնօրինման մրցանակակիր ընկերութիւն մըն է, որ Ամերիկայի տարածքին կը ղեկավարէ 26 հիւանդանոցներու գործունէութիւնը։ «Շատ ուրախ ենք, որ կարելիութիւնը ունեցանք կենսական կարեւորութիւն ունեցող բժշկական պիտոյքներ նուիրել Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին», շարունակեց Սարեան։
Հայաստանի առողջապահութեան նախկին նախարար Դերենիկ Տումանեան կազմած էր յատուկ յանձնախումբ մը՝ նուիրուած բժշկական սարքաւորումները ըստ պատշաճի զատելու եւ հիւանդանոցներուն բաշխելու համար։ Սկզբնական նուիրատուութիւնը կը ներառէ երեք հատ 40 ոտքնոց արկղեր։
Միացեալ հայկական ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց առա-քելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ 1989ին իր հիմնադրումէն ի վեր, Միացեալ հայկական ֆոնտը Հայաստան եւ Արցախ փոխադրած է 690 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2168 ծովային արկղերով։
Օնթարիօ՝ Քալիֆորնիա հաստատուած Prime Healthcare Services-ը (www.primehealthcare.com), որուն նշանաբանն է՝ «Փրկել Հիւանդանոցներ, փրկել գործեր եւ փրկել կեանքեր», Ամերիկայի ամէնէն մեծ հիւանդանոցային կազմակերպութիւններէն մէկն է։
Prime Healthcare-ը 2013ին ճանչցուած է որպէս «Լաւագոյն 15 առողջապահական համակարգ»երէն մէկը՝ հիմնուելով անոր հայթայթած առողջական խնամքի որակին եւ հիւանդներու բաւարարութեան վրայ։ Հինգ տարուան ընթացքին ասիկա երրորդ անգամն է, որ այս ճանաչումը կը տրուի կազմակերպութեան։ 2014ին, ութ Prime Healthcare-ի հիւանդանոցներ դասուած էին Ամերիկայի «Լաւագոյն հարիւր հիւանդանոց»ներու շարքին՝ Truven Health Analytics (նախապէս Thomson Reuters) ընկերութեան կողմէ։
Prime Healthcare-ի զանազան հիւանդանոցներ 27 անգամ այս մրցանակին արժանացած են։ Աւելին՝ 2014ին, Միացեալ յանձնաժողովը, որ Medicare-ի
գլխաւոր վարկատու կազմակերպութիւնն է, Prime Healthcare-ի 11 հիւանդանոցներու շնորհած է «Որակային Բանալի Միջոցառումներու Լաւագոյն Կիրառի»չ ճանաչումը։
Իրենց հովանիին տակ գտնուող հաստատութիւններով, Prime Healthcare Services եւ ոչ-շահաբեր Prime Healthcare Foundation-ը ունին աւելի քան 30,000 պաշտօնեայ եւ սեփականատէրերն ու ղեկավարողներն են 25 հիւանդանոցներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.