Հալէպէն «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Չիլիպոշեան-Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն Հալէպի հայկական կարգ մը շրջաններ՝ յատկապէս Նոր Գիւղը, Սիւլէմանիէն եւ Վիլլաներու շրջանը, կրկին թիրախ դարձան հրասանդներու:
Հինգշաբթի, 1 Մայիս 2014ին, ժամը 19:00ին, Սիւլէմանիէ շրջանին մէջ (Քելլէսին թաղը) ինկած հրասանդներուն պատճառով վիրաւորուեցան Կարպիս Գապայեանը եւ Ռաֆֆի ու Կարօ Պալեանները (հայր ու որդի): Վիրաւորներու պարագան ծանր չէ:
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ 30 ժամէ ի վեր անջատուած է ելեկտրական հոսանքը, որուն հետեւանքով վերսկսած է ջուրի տագնապը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.