ՄՈՍԿՈՒԱ.- Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի աւելցնելու Ատրպէյճանէն ներածուող բնական կազի ծաւալները, եւ այդ նպատակին հասնելու համար, կ՛ակնկալուի 2014-2020 տարիներուն Կասպից ծովու տարածաշրջանէն եւրոպական երկիրներ երկարող կազատարի նոր խողովակաշարեր կառուցել: Ռուսական «Վետոմոսթի» լրատուական կայքը, վկայակոչելով Եւրոյանձնաժողովի մէկ ներկայացուցիչը՝ կը նշէ, որ եւրոպական երկիրները Ատրպէյճանէն սկիզբ առնող «Հարաւային միջանցք» կազատարը առաւել երկարելու ծրագիրին վրայ պիտի ծախսեն մօտաւորապէս 6 միլիառ եուրօ գումար մը, եւ այս նպատակով ձեւաւորուած է յատուկ հիմնադրամ մը: Կը նշուի նաեւ, որ այս գումարներուն շնորհիւ, Եւրոպական Միութիւնը ոչ միայն պիտի կարենայ աւելցնել Ատրպէյճանէն ստացուող կազի ծաւալները, այլեւ ներածումներու պիտի սկսի Թիւրքմէնիստանէն ու Իրանէն: Վերջինիս պարագային՝ նման ներածումնր կարելի պիտի ըլլան, երբ Իրանի դէմ պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցները վերցուին: Աղբիւրը կը նկատէ, որ ատրպէյճանական կազը Եւրոպայի մէջ պիտի դառնայ ռուսական կազի այլընտրանք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.