ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 2ին հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 6.3 տոկոսի իջած է, ինչ որ ամենացած մակարդակն է Սեպտեմբեր 2008էն ի վեր: Մարտին անգործութեան համեմատութիւնը 6.7 առ հարիւր էր:
Ըստ նախարարութեան տուեալներուն՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին մօտաւորապէս 288,000 աշխատանքի նոր կարելիութիւն ստեղծուած է, սակայն անգործութեան համեմատութեան անկումին մէկ մասը կը վերագրուի նաեւ այն իրողութեան, որ մեծ թիւով անգործ ամերիկացիներ դադրած են աշխատանք փնտռելէ:
Յայտնենք, թէ վեց ամիսէն աւելի անգործ մնացած ամերիկացիներուն թիւը աւելի քան 3.5 միլիոն է:
Ըստ տնտեսագէտներու, այս ընթացքով առնուազն երկու տարի եւս հարկաւոր է, որպէսզի անգործութեան մակարդակը իջնէ տնտեսական ճգնաժամէն անմիջապէս առաջուան մակարդակին, երբ անգործութեան համեմատութիւնը 4-5 տոկոսի միջեւ էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.