
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Մայիս 7ին, հարիւրաւոր իսլամ ծայրայեղական զինեալներ հանրակառքերով հեռացուեցան «յեղափոխութեան մայրաքաղաք»ը նկատուող Սուրիոյ Հոմս քաղաքի հին թաղամասերէն՝ յատկանշական յաղթանակ մը շնորհելով իշխանութեանց, որոնք կը պատրաստուին նախագահական ընտրութեանց:
Զինեալներուն նահանջը տեղի ունեցաւ իշխանութեանց հետ գոյացուած զինադադարի համաձայնութեան շնորհիւ՝ Հոմս քաղաքը բանակին ամբողջական հակակշիռին տակ դնելով: