
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իսրայէլի խորհրդարանը Երեքշաբթի, Մայիս 13ին քննարկած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
«Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Զախաւա Կալ Օն կոչ ըրած է իր կառավարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը՝ նշելով, որ ճանաչումը պէտք չէ քաղաքական եւ դիւանագիտական հաշիւներու զոհ դառնայ:
Ան ընդգծած է, որ «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն միջադէպէն ետք, կառավարութիւնը կը պատրաստուէր ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, սակայն երբ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կը սկսին բարելաւուելու արդէն, անիկա լրջութեամբ չի մօտենար այս հարցին:
Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտըլշթայնը՝ նշելով, որ նախարար եղած ժամանակ, ան Երեւանի մէջ ծաղկեպսակ դրած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ ու «հայերու ջարդը յիշելու անհրաժեշտութեան» վերաբերեալ իր դիրքորոշումը յայտնած է: Ան ընդգծած է, որ «այս քննարկումը ուղղուած չէ որեւէ երկիրի դէմ, եւ միայն ցոյց կու տայ, որ մենք ցաւով կը մօտենանք այդ սպանդի հետեւանքներուն ու կը յարգենք անոր զոհերուն յիշատակը»:
«Մենք չենք կրնար դիւանագիտական կամ քաղաքական զգուշամտութենէն մղուած՝ հերքել պատմութիւնը եւ մարդկային արժէքները ուրանալ», աւելցուցած է խորհրդարանի նախագահը:
Իր կարգին, զբօսաշրջութեան նախարար Ուզի Լանտաու յայտարարած է, թէ մարդկային ողբերգութիւններու, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, ճանաչումը հրեաներուն եւ իսրայէլացիներուն բարոյական պարտքն է: «Իսրայէլ երբե՛ք չէ հերքած տեղի ունեցածը», աւելցուցած է ան՝ յոյս յայտնելով, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կը յաջողին քանի մը տարի առաջ կնքուած համաձայնագիրին պայմանները իրագործել:
Խորհրդարանի անդամ Ռէուվեն Ռիվլին եւս ըսած է, թէ այլ ժողովուրդներու ողբերգութիւններուն ճանաչումը հրեաներուն պարտքն է: Ան յիշեցուցած է, որ հայերէն ետք նոյն վիճակին մատնուած էին հրեաները: «Ինծի համար շատ դժուար է ներել այն երկիրները, որոնք կ՛անտեսեն մեր ողբերգութիւնը, այս պատճառով ալ մենք չենք կրնար այլ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը անտեսել», ընդգծած է Ռիվլին: