Օրենճ Քաունթիի բնակիչներ տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Մելինէ Նաճարեանները, որոնք «Ասպարէզ»ի 45 տարուան բաժանորդներ են, կը քաջալերեն թերթի թուայնացման ծրագիրը եւ այդ նպատակին համար կը նուիրեն հազար տոլար՝ ստանձնելով 1962ի թիւերու թուայնացման ծախսերը: Մեր սիրելի ու հաւատարիմ ընթերցողները ամուսնացած են այդ տարուան Մայիս 28ին:
Այս առթիւ, պէտք է նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել տէր եւ տիկին Եփրեմ եւ Վարսենիկ Պաղպուտարեաններուն, որոնք այդ տարուան հովանաւորներն էին եւ դէմ չեղան համահովանաւոր դարձնելու Նաճարեանները:
Նկատի առնելով թուայնացման յարակից ծախսերը, նման կրկնութիւններ մեծապէս գնահատելի են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.