
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի 30ամեակին առիթով կազմակերպուած շաբաթավերջի ձեռնարկներուն երկրորդը՝ «Սերունդները լիազօրելով հզօրացնել»ու սեմինարն էր, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 3, 2014ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահէն ներս, շուրջ 125 անձերու մասնակցութեամբ:
Դասախօսները իրենց անձնական փորձառութիւններուն միջոցով բացատրեցին, թէ իրենք ինչպիսի՛ քայլեր առին իրենց կամ իրենց շուրջիններուն կեանքերը բարելաւելու՝ խրախուսելով զանոնք, որպէսզի լիազօրուած զգան:
Այս ազդեցիկ սեմինարին հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՕՄի Քարոզչական յանձնախումբի անդամներէն Ալին Փոստոյեանը, որ բացման խօսքով նշեց, թէ նպատակը խրախուսել է ո՛չ թէ միայն մենք զմեզ, այլ՝ զիրար: ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը եւ շրջանի կապ Անի Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպողներուն եւ մասնակցողներուն, յատկապէս՝ սեմինարի հովանաւոր Հայկոյշ Գեղինեան-Քոհլըրին, որ տարիներով ուժ տուած է բոլորին:
Առաջին բաժինի համադրողն էր «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը, որ վեր առաւ ՀՕՄի դերը հայկական իրականութեան մէջ եւ այդ պատճառով ալ կենսական նկատեց, որ ՀՕՄը ընդգրկէ նոր սերունդը, իր յառաջընթացը շարունակելու համար:
Ալիս Պետրոսեան, որ հանգստեան կոչուած է կրթական վարիչի իր պաշտօնէն՝ Փասատինայի հանրային վարժարաններու կեդրոնատեղիէն ներս, ներկայացուց «Կիներու հզօրացումը՝ ծառայութեան միջոցով» նիւթը: Ան վերյիշեց, թէ իր երիտասարդութեան տարիներուն, միակ հայ կազմակերպութիւնը, որ կին ղեկավարներ ունէր՝ ՀՕՄն էր, իսկ հիմա շատ կազմակերպութիւններ ընտրած են կին ղեկավարներ: Ան դիտել տուաւ, որ փոխանակ օրինակ ըլլալու՝ պէտք է նոր սերունդը աշխատանքի մղել, քանի որ երբ ան կը սորվի քաղաքացիական պարտականութիւն վերցնել, իր կեանքի ընթացքը կը բարելաւուի: Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ հայ կին չկայ առանց տաղանդի, ուրեմն՝ իւրաքանչիւր անձ կրնայ իր տաղանդը ծառայական գործի դնել, առանց հրաւէրի սպասելու, նոյնիսկ եթէ միայն ընտրութեամբ հայ է:
Ռաքսեն Մաքաստճեան սփռուող յարաբերութիւններու պատասխանատու է «Եու.Սի. Պըրքլի» համալսարանին մէջ եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն ունեցած է հիմնադիրներէն մէկը ըլլալով «Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիր»ին, որ ստեղծուած է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ապահովելու համար հանրային երկրորդական վարժարաններէն ներս: Ան նշեց, թէ իր գործունէութեան օրինակ ծառայած են իր մայրն ու մեծ մայրը, որոնք ՀՕՄի անդամ եղած են:
Մաքաստճեան նկարագրեց, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ուսուցումը պարտաւորիչ ըլլալէ տասնամեակ մը ետք յայտնի դարձաւ, որ դպրոցները այդ օրէնքը չեն գործադրեր, քանի որ պիւտճէ չէ տրամադրուած իրենց եւ միջոցներ չեն ստեղծուած: Ուրեմն՝ դասանիւթեր պատրաստելով, պաստառներ հրատարակելով, աշխատանիստեր ծրագրելով եւ կայքէջերու միջոցով պայմաններ ստեղծուած են, որպէսզի ուսուցիչները եւ աշակերտները կարենան մատչելի ձեւով նիւթը սերտել: Ան յորդորեց ծնողներն ու աշակերտները, որ դպրոցներէն պահանջեն այդ նիւթի դասաւանդումը:
Վաչէ Թովմասեան փաստաբան մըն է, որ վկայուած է «Լոյոլա» համալսարանէն, տնտեսական եւ քաղաքական զարգացում ուսած է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ եւ եղբայրն է Սօսէ Թովմասեան-Եքիքեանին, որ իր ամուսնոյն՝ Ալէնին հետ, արկածի մը պատճառով մահացաւ անցեալ տարի:
Նիւթ ունենալով հայրենադարձութիւնն ու «խենթ»երու սերունդը՝ Թովմասեան ներկայացուց, թէ ինչպէս Արցախի ազատագրական պայգարէն եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք, Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակին պատճառով կամ նոյնիսկ իբրեւ անձնական ընտրութիւն՝ մարդիկ նախընտրած են փոխադրուիլ հայրենիք, հոն ապրելու համար: Իր քոյրը՝ Սօսէն, այդ վերջին խումբէն էր, որ ՀԵԴի ծրագիրը բարեփոխած էր ճամբարի ծրագիրի մը. այդ ծրագիրը այնքա՛ն յաջողութիւն գտաւ, որ այլ ՀԵԴի շրջաններ եւս սկսան նոյն ծրագիրը իրականացնելու՝ այլ տեղեր ճամբարներ հիմնելով: Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ խենթերը կը ցատկեն ու գետ կը նետուին, բայց իւրաքանչիւրը ինք պէտք է որոշէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի անցնի գետը:
Ճաշի ընդմիջումէն ետք, Վարուժան Ոսկանեան, որ ռումանահայ տնտեսագէտ, գրող եւ բանաստեղծ մըն է, խօսելով ռումանահայ գաղութին մասին՝ ներկայացուց երիտասարդութիւնը գաղափարական հիմքերու եւ ձգտումներու կապելուն կարեւորութիւնը՝ արուեստագիտութիւնը օգտագործելով:
Առաջին գլխաւոր բանախօսուհին Աննա Աստուածատուրեան-Թուրկոթն էր, զոր ներկայացուց Հայ Դատի Արեւմտեան Շրջանի գործադիր տնօրէնուհի Էլէն Ասատրեանը: Բանախօսուհին պատանի հասակին Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքէն ազատած է, երեք տարի ապրած է Հայաստան, ապա փոխադրուած է Նորթ Տաքոթա նահանգի Ֆարկօ քաղաքը՝ հօրը խօսքերով՝ «Ամերիկեան Սիպիր»ը: Մէյնի իրաւաբանական համալսարանէն վկայուած է իբրեւ փաստաբան: Երկու տասնամեակ փորձած է մոռնալ ամէն ինչ, բայց երկրորդ դուստրը ունենալէն ետք, մտահոգուած է այն բանով, որ ալ պիտի չյիշէ իր փորձառութիւնները՝ զաւակներուն պատմելու համար, որպէսզի անոնք հասկնան, թէ ինչ-ինչ զոհողութիւններով տեղ հասած է ծնողքը: Ուստի որոշած է իր պատանեկան տարիներուն պահած օրագիրը հրատարակել: Այսպիսով, «Ոչ Մէկ Տեղ՝ Աքսորի Պատմութիւն Մը» գիրքը հրատարակուած է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակէն Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի խմբագրութեամբ: Ազերի պաշտօնատարի մէկ զեկուցումը լսելէ ետք, անոր հին վէրքերը բացուած են եւ վերյիշած է իր ահաւոր փորձառութիւններն ու վախը, երբ իր դրացի ազերիին կողմէ ստոյգ բռնաբարումէ ազատած է: Մտահոգուած Արցախի մէջ հասակ առնող մանուկներու կեանքով՝ Աննա սկսած է իր քաղաքական գործունէութեան: Գալիք Սեպտեմբերին, իբրեւ հզօրացած անձնաւորութիւն մը եւ ոչ փախստական պաքուցի մը՝ ան պիտի վերադառնայ Հայաստան եւ Արցախ, իր հայրենակիցներուն օգնելու համար:
Երկրորդ գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Քրիս Սասունի, զոր ներկայացուց իր հօրեղբայրը՝ Բաբգէն Սասունին: Վերջինս բացատրեց, թէ երբ ինք Ֆրանսայէն Ամերիկա փոխադրուած է, իր եղբօր քով մնացած է եւ տունէն ներս խօսակցական լեզուն եղած է ֆրանսերէնը: Տասնամեակներ ետք, երբ սկսած է Քրիսի հարցումներուն տարափը իր մեծ հօր՝ Կարոյին, եւ մեծ մօր՝ Լոլա Սասունիին մասին, ինք եւս ստիպուած՝ վերսկսած է կարդալու անոնց յուշերը եւ պատմական դէպքերը ստուգելու նպատակով պատմական հատորներ սերտած է:
Դոկտ. Սասունիի զեկոյցը իր ներքին վերափոխման մասին էր, քանի որ ինք հասակ առած էր հայկական շրջանակներէ հեռու ընտանիքի մը մէջ եւ չէր ճանչցած իր արմատները: Սակայն, վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին, շնորհիւ խումբ մը մարդոց ջանքերուն, ան վերագտած էր իր ինքնութիւնը: Ան նկարներու եւ երբեմն քարտէսներու միջոցով պատմեց իր հնագոյն յիշատակները՝ իր մեծ հօր եւ մեծ մօր մասին, իր անուան մասին, նոյնիսկ այն, որ ինք տեղեակ չէր, թէ Սասունը շրջանի մը անուն է: Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանէն իմացած էր, թէ ՀՕՄի մասնաճիւղ մը կայ Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեցի մէջ, Լոլա Սասունիի անունով: Ան լծուած էր ուսումնասիրելու իր մեծ-ծնողներուն շարժումները երկրէ երկիր՝ գտնելով նկարներ եւ փաստաթուղթեր ընտանեկան հաւաքոյթներու, ցեղասպանութեան որբերու, Լոլան եւ այլ բանտարկեալներ ազատող խումբին, ՀՕՄի պատգամաւորական ժողովներու, մետալներու եւ այլն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօրեղբօր եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին իր արմատներու որոնումի գործին:
Սեմինարին վերջին բաժինով ելոյթ ունեցան հայուհիներ, որոնք իրենց անձնական գոյատեւման դժուարութիւնները յաղթահարելու պայքարին մասին խօսեցան՝ համադրութեամբ ամուսնական եւ ընտանեկան հարցերու վկայեալ հոգեբան Նորա Շիթիլեան-Քէլէշեանի, որ իր առաջին փորձառութիւնը շահած է ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնին մէջ:
Սինթիա Քէյլեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս 20 տարեկան հասակին դիմագրաւած է քաղցկեղի հիւանդութիւնը. բուժման ընթացքը, հիւանդութեան մասին տեղեկութիւնները, շուրջը եղող աջակիցներու շրջանակը, ինչպէս նաեւ «Ճակատամարտի Համար Ուլունքներ» (Beads for Battle) գործը իրեն օգնած են, որ լիազօրուած զգայ՝ ուրիշ քաղցկեղէ տառապողներու եւ անոնց ընտանիքներուն օգնելու համար: Ան տարբեր դրուագներ պատմեց հիւանդներու մասին, որոնք ուլունքներուն միջոցով ներշնչուած ու յուսադրուած են: Այժմ, իր ուսումը կը շարունակէ «Լոյոլա» համալսարանին մէջ: Ան նպատակ ունի քաղցկեղի մասին քարոզչութիւն կատարել եւ ցոյց տալ, թէ իր կեանքը բոլորովին փոխուած է՝ աւելի հզօր է, աւելի զարգացած է եւ ուրիշներուն օգնելու պատրաստ է:
Սոնա Տօնոյեան-Արապեան վկայեալ սնունդի մասնագէտ մըն է, որ կը դասաւանդէ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին մէջ: Ան այս առիթը օգտագործեց շնորհակալութիւն յայտնելու համար բոլոր անոնց, որոնք իր մանկութեան օրերէն իսկ զինք քաջալերած են: Սնունդի նկատմամբ իր հետաքրքրութիւնը ծնած է իր առաջին զաւակի ծնունդէն ետք, երբ փորձած է նիհարնալ: Սկսած է վազելու եւ տարբեր քաղաքներու Մարաթոնի մրցոյթներուն մասնակցելու: Փերուէն վերադարձին, իր քաղցկեղը ախտորոշող բժիշկը դիտել տուած է, թէ իր մարզումներուն ամբողջ ընթացքը զինք այս ճակատամարտին պատրաստելու համար եղած է: Այսպիսով, ան համաձայնած է բուժումի արագ ժամանակացոյցի ձեւին, որուն ընթացքին ամէն անգամ մէկ շաբաթով պէտք էր հիւանդանոց մնալ: Առանց երկմտանքի, ան ետ վազքի անցած է՝ յոյս ներշնչելով միւս հիւանդներուն: Վերջին երկու տարիներուն, ան նաեւ մասնակցած է Լոս Անճելըսի մարաթոնի ՀՕՄի խմբակին: Արապեան իր չորս տարուան փորձառութենէն քաղած դասերը փոխանցեց ներկաներուն:
Վերջին զեկոյցը փոխանցեց դոկտ. Հայկոյշ Քալինեան, որ դատաբժշկական մտային հոգեբոյժ մըն է (Forensic Neuropsychologist) եւ իր դարմանատան մէջ կը քննէ հիւանդներու մտային, հոգեկան եւ բժշկական այլ խանգարումներ: ՀՕՄը Հայկոյշի համալսարանական առաջին եւ վերջին ուսման համար կրթանպաստներ տրամադրած էր: Իր կեանքին ընթացքին շաքարախտն էր ամէնէն վտանգաւոր բանը, որ պատճառ դարձած է իր կուրութեան, իսկ անկէ բացի նաեւ՝ ինքնաշարժի արկած մը, որուն պատճառով գլուխը վիրաւորուած էր: Իր բժիշկը ըսած էր, թէ արկածին պատճառով ան պիտի չկրնար նոր բան սորվիլ եւ թէ պէտք է ընդունի եղելութիւնը եւ տուն նստիլ: Ան իր բժիշկին սխալը փաստելով՝ վճռած է ըլլալ այնպիսի հոգեբոյժ մը, որ որքա՛ն ալ լուրջ ըլլայ հիւանդի մը վիճակը՝ չդադրի յոյս տալէ անոր: Եւ այսպէս, ան մեկնած է Նիւ Եորք իր մասնագիտութիւնը ստանալու համար, երբ տակաւին կը շարունակէր տառապիլ շաքարախտի հետեւանքներէն՝ չտեսնելով նոյնիսկ պարզ գիրերը, շուրջիններու դէմքերը կամ փողոցներու անունները: Բայց ան տեղի չէ տուած. արդէն իսկ տասը տարիէ ի վեր իր դարմանատան մէջ կը գործէ եւ գործը ընդլայնած է վերջերս՝ վարձելով մանուկներու մասնագէտ այլ հոգեբոյժ մը:
Իր խօսքին մէջ ան դիտել տուաւ, որ ինք երբե՛ք չէ հարցուցած, թէ ինչո՞ւ իրեն պատահած են այս բոլորը, բայց թելադրեց, որ եթէ ներկաները դրական տրամադրութիւն ունենան կամ որեւէ դժուարութեան պարագային՝ իրեն դիմեն:
Զեկուցողներն ու համադրողները յուշատախտակներ ստացան: ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը բարձրօրէն գնահատեց սեմինարը հովանաւորող Հայկոյշ Քոհլըրը եւ ծաղկեփունջ մը յանձնեց անոր:
ՀՕՄի անդամներ եւ քանի մը բանախօսներու մայրեր եւս ներկայ էին հանդիսատեսներու շարքին: Անոնք հոն էին անգամ մը եւս քաջալերելու եւ ՀՕՄի լուսաւոր ջահը փոխանցելու յաջորդ սերունդին: