ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Կիրակի, Ապրիլ 27ին, Նոր Կիրակի օրը, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հաստատուած աւանդութեան համաձայն՝ Ս. պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց համայնքի հաւատացեալներուն: Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան: Ս. խորանին սպասարկեց Պօղոս աբղ. Թինքճեան:
Նախքան քարոզը, ա-ռաջնորդը շնորհաւորեց ներկայ հաւատացեալներուն Ս. Յարութեան տօնը, ապա ողջունեց համայնքի պատասխանատու բոլոր մարմինները եւ յիշեցուց, թէ օրը Կրկնազատիկ, Նոր Կիրակի կամ Թովմասի Կիրակի կը կոչուի: Ապա, առաջնորդը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն վերանորոգուելու, կրկնակի ուրախանալու, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ նոր կեանք մը ապրելու եւ փառաբանելու Քրիստոսի յաղթանակը մահուան վրայ:
Յաւարտ Ս. պատարագի, ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան, ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄի «æաւախք» մասնաճիւղին խնդրանքով, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին, նաեւ՝ թեմի բոլոր հին եւ նոր ննջեցեալ հոգաբարձուներուն, երեսփոխաններուն եւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներուն։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ: Ա-պա, սրբազանը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշը՝ կազմակերպութեամբ հոգաբարձութեան եւ հիւրընկալութեամբ ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան ու ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղին։
Սրբազան հօր կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ Դարբինեան ողջունեց բոլորին ու մանաւանդ առաջնորդին ներկայութիւնը: Գեղարուեստական կարճ բաժինով, ներկաները վայելեցին փունջ մը բանաստեղծութիւններ եւ երգեր: Այնուհետեւ, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան բեմ հրաւիրուելով՝ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին ու հրաւիրեց զայն, որ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:
Առաջնորդը գնահատեց հոգաբարձութեան աշխատանքը եւ մաթեց, որ գաղութը աւելի շուտով աճի ու իր սեփական եկեղեցին ունենայ: Ան թելադրեց իւրաքանչիւր Կիրակի օրուան արարողութեան յաջողութիւնը ապահովող գործնական քայլերու դիմել, որպէսզի անոնց շնորհիւ, շուտով կարելի ըլլայ շրջանի հաւատացեալներուն հոգեւոր ծարաւը յագեցնող սեփական հոգեւոր կառոյց մը ունենալ:
Սիրոյ ճաշը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ վերջ գտաւ անմոռանալի յիշատակներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.