
12-14 Մայիսին Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթն ու լեզուն» վերնագիրով գիտաժողով մը, զոր կազմակերպած էր «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»ը՝ Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Ամեր Մարտինիի հովանաւորութեամբ:
Գիտաժողովը կը շօշափէր տարբեր նիւթեր, ինչպէս՝ սուրիական մշակոյթը, ասորերէն լեզուն եւ Մալուլա քաղաքը, քրտերէնի զարգացումը, հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ այլն:
«Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»ի նախագահ դոկտ. Մէյսաա Սիուֆի բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ գիտաժողովը առիթ մըն է հաստատելու Դամասկոսի համալսարանին մէջ լեզուներու եւ մշակոյթներու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայերէնի եւ քրտերէնի բաժիններու բացման հանգամանքը:
Ներկայ էին համալսարանի նախագահն ու ուսումնարանի նախագահը, համալսարանի բաժանմունքներու տնօրէններն ու դասախօսները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան:
Այս առումով գիտաժողովի լսարանին մաս կազմեցին համալսարանական եւ գիտական շրջանակները, ինչպէս նաեւ ասորի եւ քիւրտ շրջանակները:
Գիտաժողովին առաջին օրը հայոց լեզուի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց «Հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ քաղաքակրթութեան փոխազդեցութիւնը» վերնագիրով ելոյթը, որով պատմական ակնարկով ներկայացուց լեզուական եւ մշակութային առնչութիւնները երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Ան շեշտեց այն կարեւոր հանգամանքը որ հայ-արաբական յարաբերութիւնները գոյութիւն ունեցած են դարերու ընթացքին եւ ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Արիսեան Դամասկոսի համալսարանի նախագահութեան կոչ ուղղեց սերտ կապեր հաստատելու Հայաստանի մէջ Երեւանի պետական համալսարանի արաբագիտութեան ամպիոնին եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արեւելագիտութեան հիմնարկին հետ, որոնք փոխազդեցութեան դրսեւորումներ կը հանդիսանան:
Առաջին օրուան նիստի աւարտին դեսպան Արշակ Փոլատեան գնահատանքի խօսք ուղղեց Դամասկոսի համալսարանի եւ հիմնարկի ղեկավարութեան՝ հայոց լեզուի բաժանմունք յառաջացնելու ջանքերուն համար:
Նշենք, որ գիտաժողովի աւարտին, իր կատարած ներդրումներուն համար Դամասկոսի համալսարանի նախագահ դոկտ. Ամեր Մարտինին պատուոյ գիր շնորհեց դոկտ. Նորա Արիսեանին: