ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին տնօրէն Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ այժմ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան է, Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ պետութեան պաշտօնական տեսակէտին թիւ մէկ պաշտպանը կը նկատուի ու ծանօթ է իր անտրամաբանական յայտարարութիւններով: Կը կարծուի, որ անոր այս կեցուածքը անհանգստութիւն պատճառած է նոյնիսկ պետական շրջանակներուն, ինչի հետեւանքով՝ ան պաշտօնազրկուած էր: Սակայն, ան կը պնդէ, թէ ինք պաշտօնանկ եղած է Ամերիկայի դրդումներով եւ որ եթէ քիչ մըն ալ մնացած ըլլար իր նախկին պաշտօնին գլուխը՝ «Հայկական Հարցը բոլորովին փակուած պիտի ըլլար»։
«Ասիկա մասնաւորաբար Ամերիկայի գործին չէր յարմարեր, որովհետեւ Ամերիկա Հայկական Հարցը միշտ իբրեւ Դամոկլեան սուր կ՛ուզէ գործածել Թուրքիոյ դէմ», կ՛ըսէ ան:
Մերսինի մէջ վերջերս տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին, Հալաճօղլու խօսած է «20րդ դարու Անատոլուն ու հայերը» նիւթին շուրջ՝ դարձեալ մեծխօսիկ նախադասութիւններ արտասանելով իր կողմէ կատարուած «գիտական» աշխատութիւններու մասին։ Հալաճօղլու ըսած է, որ փաստեր գտած է «հայերու կողմէ ի գործ դրուած բռնարարքներ»ուն մասին»: Իբրեւ թէ, «27 Մայիս 1914էն մինչեւ 27 Մայիս 1915, հայկական հրոսախումբերը սպաննած են 128,000 իսլամներ»: Ըստ Հալաճօղլուի՝ «որովհետեւ հայերը շատ լաւ գիտեն ճշմարտութիւնը, ո՛չ մեզի հետ կը վիճաբանին, ոչ ալ պատմաբաններու յանձնախումբի մը կազմութիւնը կ՛ընդունին»։
«Արեւմուտքի մէջ 21 խորհրդարաններ հաստատեցին Ցեղասպանութիւնը։ Այս խորհրդարանները մեզի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք չեն տար, որովհետեւ գիտեն, որ մենք զիրենք պիտի խայտառակենք իրենց իսկ փաստաթուղթերով։ Ուստի՝ իրե՛նք կը նուագեն, իրե՛նք կը խաղան։ Ասոնք իրաւական վաւերականութիւն չունին, բայց վտանգաւոր կէտն այն է, որ իրենց պնդումները դասագիրքերու մէջ կը դնեն։ Այս բոլորը տեսնելէ ետք, արեւմուտքցիներու թշնամին դարձած եմ ես», եզրակացուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.