ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 11 Յունիսին Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային (Գիւլիստան) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին մէջ, տակաւին չյստակացած պայմաններու տակ, գլուխէն հրազէնային մահացու հարուած ստացած ու մահացած է զինուորական ծառայող՝ 1994ի ծնունդ Դերենիկ Արամի Մանուկեանը:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում Դերենիկ Մանուկեանի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար տարւում է քննութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.